

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ժամանցի մարզին (շարժապատկեր, պատկերասփիւռ, երաժշտութիւն եւ թուային) նուիրուած «Վըրայիթի» թերթին կողմէ տարին անգամ մը հրապարակուող «Հոլիվուտի Նոր Ղեկավարներ» ցանկին վրայ կան երկու հայեր՝ «Mortar Media»ի համահիմնադիր Անդրանիկ Պալեան եւ «XYZ Films»ի համահիմնադիր Արամ Դերձակեան։
Ցանկին համար նկատի կ՛առնուին մինչեւ 40 տարեկանները։