ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս լոյս տեսած է դէպի Արեւմտեան Հայաստան,
Կիլիկիա եւ Կապադովկիա կատարուած իր ուխտագնացութիւններուն ընթացքին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի «որսացած» լուսանկարներուն՝ «Voices in Silence. My Body Cried. My Soul Cried. My Heart Cried» հատորը։
«Մաշտոց» քոլեճին հրապարակած 350 էջնոց սոյն հատորին մէջ կան աւելի քան 1000 գունաւոր լուսանկարներ։
Հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար, դիմել «Երեւան» հրատարակչատուն՝ (626) 246-2070 թիւով։