ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնը եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը այս տարի եւս յաջողութեամբ իրականացուցած են դէպի Հայաստան իրենց կատարած բժշկական երրորդ առաքելութիւնը՝ օժանդակութիւն փոխադրելով Հայաստանի իրենց քոյր հիւանդանոցին՝ Նոյեմբերեանին, միաժամանակ անվճար բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրելով աւելի քան 2000 կարիքաւորներու։
Այս տարուան առաքելութեան մասնակցած է աւելի քան 50 անդամնոց բժշկական կազմ մը, որ ցարդ մեծագոյնն էր։
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան կը յայտնէ, թէ Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ վերջին քանի մը տարիներուն ակնյայտ դարձած են յատկանշական բարեփոխումները, որոնց շնորհիւ բազմացած է առողջապահական յաւելեալ սպասարկութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնները։
«Մեր նպատակն է գոյացնել մասնագիտական սպասարկութիւններ տրամադրող այնպիսի հիւանդանոց մը, որ շարունակէ իր ծառայութիւնները մատուցել մեր բացակայութեան ժամանակ եւս՝ տրամադրելով գերարդիական արհեստագիտութիւն», կ՛աւելցնէ ան։
Ըստ Մեհրանեանի՝ այցելու բժշկական կազմին մաս կազմած են սրտաբաններ, ջղաբաններ, մանկաբոյժներ, ախտաբաններ, թոքաբաններ, բջջաբաններ եւ այլ մասնագէտներ։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտվենթիստ» բժշկական կեդրոնի շրջանային պետ տոքթ. Արբի Նահապետեան կը նշէ, որ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմանակից Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած բարեկարգումներուն շնորհիւ, զգալիօրէն բարձրացած է հիւանդանոցին վարկը եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէ քաղաքացիներ եւս սկսած են հոն մեկնելու, բժշկական դարմանումներու համար։
Նահապետեան նաեւ կը պատմէ վիրաբուժութեան ենթարկուած գիւղացիի մը հետ տեղի ունեցած միջադէպ մը. ան վիրաբուժութեան ենթարկուելէն ետք խնդրած էր բժիշկներուն գործածած ձեռնոցները հետը տուն տանիլ, որպէսզի զանոնք գործածէ՝ դժուար մաքրուող ընկոյզի իւղէն իր ձեռքերը մաքուր պահելու համար, նկատի ունենալով, որ իր դուստրը մօտիկ ապագային պիտի պսակուէր։ Այդ խնդրանքը լսած հիւանդապահուհիները՝ ազդուած, սկսած են լալու՝ անոր տալով մաքուր ձեռնոցներու տուփ մը։
Յաջորդական 2րդ անգամն ըլլալով առաքելութեան մասնակցած ոսկրաբան Վահան Քեփքինեան այս անգամ առիթը ունեցած է մօտաւորապէս 270 հիւանդներու հետ տեսակցելու՝ իրականացնելով ոսկրաբուժական կարգ մը դարմանումներ։ Ան կը յայտնէ, թէ գոհ է մաս կազմելէն այս առաքելութեան՝ խոստանալով յառաջիկայ տարի եւս միանալ Նոյեմբերեան մեկնող բժշկական խումբին։