Երբ տարիներ առաջ ընկերները նախաձեռնեցին Մովսէս Պչաքճեանի երկերու լիակատար ժողովածուի տպագրութեան, շատերը զարմացան՝ որքանո՞վ ճիշդ է գրողի կենդանութեան օրօք լիակատար ժողովածու տպել, բայց ընկերները գիտէին՝ ան ալ պիտի չգրէ: Գրողը անձամբ մասնակցեցաւ իր ստեղծագործութիւններու 7 հատորներու կազմութեան ու տպագրութեան գործին, բայց, ցաւօք, չտեսաւ վերջինը՝ 8րդը:
Անոր մահէն մէկ տարի անց, ընթերցողի սեղանին դրուեցաւ ժողովածուի վերջին հատորը: