ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Տետլայն».- Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմի արտադրութեան եւ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին առնչուող «Ինթենթ Թու Տիսթրոյ» ֆիլմը ընտրուած է «Doc LA.» շարժապատկերի փառատօնի լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմը:
Ճօ Պերլինկըրի արտադրած եւ բեմադրած այս ֆիլմին մնացեալ արտադրողներն են՝ «Խոստումը» ֆիլմի արտադրիչ Էրիք Էսրայէլեան եւ Չիփ Ռոզընպլում։
Նշենք, որ նշեալ փառատօնի «Ազատութեան» մրցանակը շահած է Ռակըն եւ Ճօ Հէյլմեններու արտադրած՝ «Էրտողան. Բռնատէրի Հանրապետութիւն» ֆիլմը։