ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատութիւն».- Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, երեւանաբնակ պարտադիր ժամկէտային զինուորներու շուրջ 1600 ծնողներ Հոկտեմբեր 28ին այցելած են սահմանամերձ զօրամասերուն մէջ ծառայող իրենց զաւակներուն:
Ծնողներուն հետ միասին զինուորներուն հանդիպելու մեկնած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանն ու Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:
Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ այս ծրագիրը իսկապէս սպասուած է եւ անհրաժեշտ: Զինուորներու ծնողներուն այցելութեան առիթով, սահմանամերձ բոլոր զօրամասերուն մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ կազմակերպուած են:
«2013 թուականից մինչ օրս, այս ծրագրի շրջանակում արդէն աւելի քան 9000 ծնող հնարաւորութիւն է ունեցել այցելելու իրենց զինծառայող որդիներին եւ տեղերում ծանօթանալու նրանց ծառայութեան պայմաններին», ըսուած է այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Այցի ծիրէն ներս, Վիգէն Սարգսեանն ու Տարօն Մարգարեանը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան: Ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան եւ Երեւանի հետ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, թէ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան պահպանման կարեւորագոյն նախապայմաններէն մէկն է: