ԵՐԵՒԱՆ.- Մօտ օրէն, եւրոպական շուկաներու մէջ պիտի յայտնուին Հայաստանի մէջ արտադրուած զանազան տեսակի պանիրներ՝ «Հայաստանեան արտադրութիւն» պիտակով:
Այս բանը կարելի կը դառնայ շնորհիւ Եւրոպական Միութեան «ENPARD Հայաստան» ծրագիրին, որուն շրջագիծին մէջ, Հայաստանի զանազան մարզերու ագարակապաններու նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերուած է նոր շուկաներու համար, նոր տեսակի պանիրներ արտադրելու հեռանկարով: Այսպէս, պանիրագործութեան արդիական եւ արժէքաւոր վեց սարքաւորումներ հաստատուած են Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ:
Եւրոպական Միութեան ENPARD-ը նման ծրագիրներ կ՛իրականացնէ նաեւ «Արեւելեան գործընկերութեան» այլ երկիրներու մէջ: