ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ իր լաւագոյն մաղթանքները յղած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոն-2017ին, որ պիտի կայանայ «Բերքառատ Արցախ» կարգախօսին ներքոյ: Այս մասին կը տեղեկացնէ հիմնադրամին «Ֆէյսպուք»ի էջը:
Հանդիսանալով ամերիկահայերու առաջատար ձայնը եւ Հայաստանի ու Արցախի մտերիմ բարեկամը՝ քոնկրեսական Շիֆ կոչ կ՛ընէ համայնքին միանալու «Հայաստան» հիմնադրամի ջանքերուն՝ ուղղուած գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ աշխատանքի նոր տեղերու ստեղծման:
«Հիմնադրման օրէն ի վեր, «Հայաստան» հիմնադրամը միլիոնաւոր տոլարի գումար տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան հազար ենթակառոյցներու զարգացման եւ մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներու: Այս տարուան հեռուստամարաթոնը շատ մեծ օգուտ պիտի տայ Արցախի հողագործներուն: Արդարեւ, հաւաքուած գումարին շնորհիւ՝ գիւղատնտեսութեամբ զբաղողները պիտի ապահովուին ոռոգման ջուրով, պիտի ներդրուին կաթիլային ոռոգման համակարգեր՝ ապահովելով նշանակալից յառաջընթաց», ըսած է ան:
Իր կարգին, քոնկրեսական Թուլսի Կապըրտ կարեւոր նկատած է Արցախի գիւղատնտեսները կաթիլային ոռոգման համակարգերով օժտելու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ջանքերը. «Շուրջ 350 միլիոն տոլար գումար հաւաքուած է «Հայաստան» հիմնադրամի հեռուստամարաթոններուն իբրեւ արդիւնք, եւ անոնք ուղղուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հազարէ աւելի մարդասիրական, ընկերային ու համայնքային զարգացման ծրագիրներու: Ներկայիս, Արցախի մէջ 250 հազար հեքթար հողատարածքին միայն եօթը տոկոսը կ՛ոռոգուի եւ կը ծառայէ իր նպատակին»: