Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 6ին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան ոլորտներէն ներս իրականացուող աշխատանքներուն:
Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, թէ խորհրդակցութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացած են Նոյեմբեր 4ին Հադրութ քաղաքին մէջ վարչական պատասխանատուներու եւ համայնքներու ղեկավարներուն կողմէ քննարկուած այն հարցերը, որոնք կապուած են Արցախի հարաւային հատուածին մէջ նախատեսուող շարք մը ծրագիրներու:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է այդ ծրագիրներուն արդիւնաւէտ իրագործումը՝ համապատասխան յանձնարարականներ տալով շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ դէմքեր: