ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Եւրոպայի խորուհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մշտադիտարկող յանձնաժողովի անդամներ, ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Ալան Միլ եւ Ճիուսեփփէ Կալաթի Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Երեւան իրենց այցելութեան առթիւ յայտնեցին, որ Հայաստանը համապետական ընտրութիւններէն ետք փոփոխութիւններու եւ զարգացումներու յաջորդ փուլը թեւակոխած է:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ հանդիպման ընթացքին համազեկուցողները ողջունեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումները:
«Կարելի է երկու բանի համար շնորհակալութիւն յայտնել. նախ՝ այն արժանապատիւ եւ լուրջ մօտեցման համար, որ ձեր երկիրը կը ցուցաբերէ Սուրիոյ փախստականներուն, մասնաւորապէս,Սփիւռքահայերու հոսքին նկատմամբ: Մենք երախտապարտ ենք ատոր համար. այդ մէկը օրինակ մըն է, որմէ այլ ազգեր կրնան սորվիլ եւ որուն վրայ կրնան հիմնուիլ: Եւրոպայի խորհուրդի անունով շնորհակալ ենք ձեզի այն աշխատանքին համար, զոր Եւրոպայի մէջ կը կատարեն Հայաստանի դիւանագէտներն ու ներկայացուցիչները, ԵԽԽ վեհաժողովի ձեր պատուիրակութիւնը: Մենք կրնանք հաւաստիացնել, որ պիտի շարունակենք օժանդակել ձեզի, որպէսզի ձեր երազած նոր Հայաստանը կառուցելու ճանապարհին այդ արագութիւնը պահպանէք», յայտնեց Ալան Միլ: