ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պլումպըրկ».- Հետաքննական լրագրողներու միջազգային համախմբումը Նոյեմբեր 5ին հրապարակած էր մօտաւորապէս 13.4 միլիոն փաստաթուղթեր՝ յայտնի ընկերութիւններու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայ կամ նախկին ղեկավարներու անդրծովային գործունէութեանց մասին:
«Դրախտի թուղթեր» անուանումը ստացած սոյն նիւթերը կը պարունակեն տուեալներ աւելի քան 120 քաղաքական գործիչներու մասին, որոնց շարքին են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի անդամներ: Այս փաստաթուղթերէն յայտնի դարձած է, որ առեւտուրի նախարար՝ 79ամեայ միլիառատէր Ուիլպըր Ռաս, միլիոնաւոր տոլարի ներդրումներ ունի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մօտիկ եւ ամերիկ-եան պատժամիջոցներու ենթակայ անձերու հետ կապուած «Նեվիկէյթըր» ընկերութեան մէջ։
Յատկանշական է, որ Ռաս չէր հրապարակած Ռուսիոյ հետ իր այս կապերը՝ իր թեկնածութիւնը քննարկած Ծերակոյտի յանձնախումբին առջեւ։
Այս մասին հարցումներու պատասխանելով՝ Ռաս Երկուշաբթի օր պնդեց, թէ ինք հակաօրինական ոչինչ կատարած է, սակայն ծերակուտական Ռիչըրտ Պլումընթալ իր կարգին պնդեց, թէ այս կապերը չբացայայտելուն համար՝ Ռաս պէտք է աւելի համոզիչ բացատրութիւններ տայ, կամ՝ հրաժարի։
Նշենք, որ Ռասի վերաբերեալ բացայայտումը տեղի կ՛ունենայ այն միջոցին, երբ յատուկ հետաքննող մը ու Քոնկրեսի առնուազն երեք առանձին մարմիններ կը հետաքննեն ամերիկեան ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեան հարցը: