ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
Ուրբաթ, 20 եւ Շաբաթ, 21 Հոկտեմբերին, Լոնտոնի «Քուըսթըրզ» (Questors) թատերասրահին մէջ, Լոնտոնի հայկական օփերան (ԼՀՕ) բեմադրեց Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա» օփերան:
ԼՀՕն կեանքի կոչուեցաւ հայ մշակոյթի, յատկապէս հայ երաժշտութեան տարածման նուիրուած լոնտոնաբնակ երաժիշտ Արիս Նադիրեանի կողմէ: Համեմատաբար կարճ ժամանակուան ընթացքին, Նադիրեան կրցաւ իր շուրջ համախմբել երաժիշտներու, արուեստագէտներու եւ սիրողներու խումբ մը:
Ի գիտութիւն նշեմ, որ ԼՀՕն ցարդ Լոնտոնի մէջ բեմադրած է «Անուշ», «Կարինէ», «Դաւիթ Բէկ», «Կրակէ Օղակ» եւ «Սայաթ Նովա» օփերաները:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, բարձր գնահատելով Արիս Նադիրեանի կատարած աշխատանքը՝ անցեալ տարի զայն պարգեւատրեց «Կոմիտաս» շքանշանով:
«Ա. Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա» օփերան պատուհան մը կը բանայ 18րդ դարու համանուն հռչակաւոր աշուղի արտակարգ կեանքին վրայ: Յիշեալ օփերային նիւթը քաղուած է Սայաթ Նովայի կեանքէն: Յարութիւնեան, արուեստագէտներուն վերապահուած իրաւունքով եւ գեղեցկօրէն հիւսուած երաժշտութեամբ, յաջողած է մեզ տանիլ դէպի աշուղին ապրած կեանքի կարեւոր հանգրուանները, Թիֆլիսի շուկաները, ուր յղկուած է անոր արուեստը, ապա՝ այն ժամանակաշրջանը, երբ Սայաթ Նովան դարձած է Հերակլես Բ. թագաւորի պալատական աշուղը եւ սիրահարած թագաւորի քրոջ՝ իշխանուհի Աննային, հուսկ՝ Հաղբադի վանքը, ուր իր կեանքի վերջին տարիները անցուցած է, որպէս վանական: Յարութիւնեան վարպետօրէն ընդելուզած է Սայաթ Նովայէն եօթը երգեր իր օփերային մէջ եւ անոնցմով աղիւսած իր ստեղծագործութեան կառոյցը», յայտագիրին մէջ կը գրէ բեմադրիչ Սեդա Ուայթ:
Բեմադրիչը կը նշէ նաեւ, որ իր նպատակը եղած է ««Սայաթ Նովա» օփերային տալ աւելի ժամանակակից նկարագիր»:
Բեմադրութեան «ժամանակակից նկարագիր» տալու եւ կիսա-թատերական ձեւաւորումով (semi-stage format) ներկայացնելու որոշումը ունէր իր հասկնալի պատճառները: 18րդ դարու դէպքերուն եւ դէմքերուն նուիրուած օփերայի մը աւանդական հասկացողութեամբ ամբողջական բեմադրութիւնը, մեծածախս նախաձեռնութիւն մըն էր, զոր ԼՀՕն իր ֆինանսական սահմանափակ միջոցներով չէր կրնար իրականացնել: Կա՛ր առնուած որոշումը արդարացնող տրամաբանական ուրիշ բացատրութիւն մը եւս: Հանդիսատեսներուն մեծամասնութիւնը, Սայաթ Նովայի պարագային մանաւանդ, թատրոն պիտի գար, գլխաւորաբար անոր երգերը լսելու համար: Ես, որպէս ականատես եւ ականջալուր վկայ՝ կրնամ անվարան հաստատել, որ յիշեալ առաջադրութեամբ թատրոն եկած հանդիսականները ներկայացումէն ստացան ակնկալուածէն աւելի մեծ գոհունակութիւն, երբ լսեցին սքանչելի մենակատարները, բոլորն ալ անուանի երգիչներ, որոնք մեծ վարպետութեամբ երգեցին հանճարեղ աշուղին երգերը առանձին եւ նուագախումբի-երգչախումբի հետ միասին, անուանի խմբավար Լեւոն Բարիքեանի ղեկավարութեամբ՝ ստեղծելով երաժշտական առինքնող մթնոլորտ մը: Ներկաները հիացախառն յուզումով ունկնդրեցին ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Պերճ Քազազեանի (Սայաթ Նովա), Անայիս Հեղոյեանի (իշխանուհի Աննա), Արիս Նադիրեանի (աշուղ եւ իշխան) եւ Արշակ Քուզիկեանի (պազարպաշի եւ թագաւոր) մեծ վարպետութեամբ յագեցած բարձրորակ կատարումները:
Տաղանդաւոր պարաստեղծ-պարուսոյց-պարուհի Շաքէ Մեճըր Չիլինկիրեան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս արժանացաւ հանդիսատեսներու հիացումին, երբ՝ որպէս պալատական պարուհի, կատարեց իր ինքնատիպ հեզաճկուն մենապարը:
Նաթալիա Սուքիասի յօրինած եւ լուսարձակով պաստառի վրայ ցուցադրած զարդանկարներն ու գծանկարները մեծապէս տպաւորեցին հանդիսատեսը:
Բնական է, առանց վերոյիշեալ տաղանդաշատ երգիչներու եւ արուեստագէտներու՝ նման բարձրորակ բեմադրութիւն մը անկարելի պիտի ըլլար ներկայացնել: Չմոռանանք ուրեմն նշելու, որ այդ յաջողութեան մէջ կարեւոր բաժին ունէին նաեւ շատ ուրիշներ, յատկապէս ԼՀՕի վարչութեան անդամները, իրենց ատենապետին, Դաւիթ Ստեփանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կամաւորներ, որոնց անխոնջ աշխատանքը արժանի է բարձր գնահատանքի:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ԼՀՕն, որ յաջողեցաւ արժանավայել բեմադրութեամբ ներկայացնել մեծանուն երգահան Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Սայաթ Նովա»ն, արժանանալով բոլորի գնահատանքին, գրաւելով մանաւանդ երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան սիրահարներու սիրտերը: Չմոռնանք, որ Սայաթ Նովան որքան մեծ է որպէս երաժիշտ, նոյնքան մեծ է նաեւ՝ որպէս բանաստեղծ: