ՊԸՐՊԵՆՔ.- Նախաձեռնութեամբ Պըրպենքի ՀԵԴի «Վարագ» ուխտին եւ համագործակցութեամբ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին ու ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին, տօնական օրերու նախօրեակին պահածոյ ճաշեր հաւաքելու արշաւ մը սկսած է՝ նպաստելու համար կարքաւոր ընտանիքներու։
ՀԵԴի «Վարագ» ուխտի վարչութեան անդամ Անուշ Ջրբաշեան կը նշէ, թէ հաւաքուած ուտեստեղէնը պիտի տրամադրուի Պըրպենքի մէջ հաստատուած Ժամանակաւոր օժանդակութեան կեդրոնին։
Կը խնդրուի պահածոները նուիրել մինչեւ Նոյեմբեր 30՝ զանոնք հասցնելով Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոն, որուն հասցէն է 75 E. Santa Anita Ave, Burbank, CA 91502։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 649-9180 թիւին կամ varak@ayfwest.org հասցէին։