ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ հայկական Տատեան դպրոցի աշակերտները 15 Նոյեմբերին, մեկնեցան Անգարա եւ այցելեցին Թուրքիոյ խորհրդարան: «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ խորհրդարանին մէջ անոնք հանդիպեցան հայ պատգամաւորներ Կարօ Փայլանի, Սելինա Տողանի եւ Մարկար Եսայեանի հետ:
Պատգամաւորները անոնց ծանօթացուցին խորհրդարանի աշխատանքներուն: Փայլան, Տողան եւ Եսայեան հանդիպումէն ետք հրապարեցին աշակերտներուն հետ իրենց լուսանկարները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար: