«Ուր որ հայրենի երգեր կը լսուին՝ հոն հայրենիքը ողջ է…»
Ղեւոնդ Ալիշան
Հոկտեմբեր էր կրկին. Թարգմանչաց տօն, հայ գիրերու գիւտ, հայ մշակոյթ բառերը լսելի են վարժարանիս մէջ ամէն տեղ, տեսանելի են ամէն անկիւնադարձին: Վարժարանիս շրջափակը բարձրաձայն կը թնդայ հայ երգը, որ յանկարծ իրեն հետ նաեւ կը թնդացնէ խումբ մը մանուկներ, որոնք ձեռք ձեռքի տուած, ինքնաբուխ, կը պարեն զբօսանքի պահուն՝ ոգեւորելով հայ ուսուցիչներու հոգիները: Հոս Մերտինեան վարժարանն է, հոս հայրենիքը ողջ է:
Ամբողջ ամսուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներով, հայ մշակոյթին նուրիուած տարբեր միջոցառումներով, Մերտինեան վարժարանը տարի մը եւս յիշատկեց Հայ մշակոյթի ամիսը ու հաստատեց, թէ մեր մանուկներու հոգիներուն ու առօրեային մէկ անքակտելի մասն է անիկա, անսակա՛րկ:
Հոկտեմբեր 3ին, աշակերտները անգամ մը եւս ունեցան առիթը հայկական տոհմիկ տարազներով լուսանկարուելու, «Touch of Art» ընկերութեան կողմէ։
Հոկտեմբեր 11ին, ուսուցիչներու ընկերային յանձնախումբը, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին համար ճոխ սեղան մը պատրաստած էր: Ուսուցիչները հաճոյքով ճաշակեցին բրինձով ու մեղրով լեցուած համադամ ղափաման: Աշակերտներուն մօտ ընթերցանութիւնը քաջալերելու միտումով, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ գիրքերու եւ յուշանուէրներու վաճառք-ցուցահանդէս մը, որ կայացաւ Հոկտեմբեր 17-20ին: Նաեւ, այս տարուան իւրայատուկ նախաձեռնութիւններէն մէկն էր «School Spirit Committee»ին մրցումը. իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներ հայ մշակոյթին նուիրուած նիւթով մը զարդարեցին իրենց դասարաններուն դռները: Է. կարգի աշակերտները շահեցան մրցանակը:
Հոկտեմբեր 20ը աշակերտութեան համար «Spirit Day» էր. անոնք ազգային դրօշի գոյներով հագուած ու զարդարուած՝ հպարտութեամբ եկած էին դպրոց: Խանդավառութիւնը անսահման էր, մանաւանդ որովհետեւ դասաւանդութիւնը մինչեւ կէսօր էր: Կէսօրին աշակերտներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ վարժարանիս պատկան մարմինի անդամներ միասին ճաշակեցին համեղ խորովածը: Սրահին մէջ նաեւ վարժարանիս նուիրեալ ծնողաուսուցչական մարմինին կողմէ հայկական ճաշերու վաճառք կազմակերպուած էր:
Ժամը 2ին, բոլորը ուղղուեցան «Պուլղուրճեան» սրահ, վայելելու համար օրուան յայտագիրը: Ծաղիկ եւ առաջին դասարաններու աշակերտները ելոյթ ունեցան խմբային երգերով, արտասանութիւններով եւ հայկական պարերով՝ նուիրուած հայ զինուորին: Ապա անոնք ներկայացուցին Մերտինեան վարժարանին պատմականը՝ տեսերիզի ընկերակցութեամբ:
Է.-Ը. կարգի աշակերտները ստանձնած էին հանդիսավարի դերը եւ պատրաստած էին հայ երաժիշտներ Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ Տիգրան Մանսուրեանի մասին տեղեկութիւններու ու սահիկներու ցուցադրութիւն մը՝ իրենց երաժշտութեան ուսուցիչին ղեկավարութեամբ: Հարկ է նշել նաեւ, որ սրահին պատերը կը զարդարէին տարբեր դասարաններու մէջ կատարուած աշխատանքներու որմազդներն ու արուեստի գործերը:
Հանդէսի աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանը խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց եւ գնահատեց յայտագիրին մաս կազմած աշակերտները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնց միասնական աշխատանքի արդիւնքն էր այս հրաշալի հանդիսութիւնը:
Վա՛ռ մնան հայ մշակոյթի կռուան հանդիսացող հայ վարժարանն ու անոր մշակներուն կրակը. թող թնդա՛յ հայ երգն ու խօսքը իւրաքանչիւր հայ երդիքի տակ: Փառք ու պատիւ մեր մշակոյթը կերտողներուն:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)