ԵՐԵՒԱՆ.- Անցած տարիներուն ընթացքին հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ունեցած են դաշնակցային եւ ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթ: Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ըստ «Արմէնփրէս»ի ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:
«Մենք այսօր դիտարկեցինք այս տարուան ընթացքին մեր երկիրներու նախագահներու հանդիպումներուն ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրներու կատարման ընթացքը, որոնցմէ վերջինը կայացաւ 15 Նոյեմբերին, երբ Հայաստանի նախագահը կը գտնուէր Ռուսիա՝ մասնակցելու Հայաստանի մշակոյթի օրերու բացման ձեռնարկներուն», ըսաւ Լաւրով։
Ան ընդգծեց, որ արձանագրուած է յառաջընթաց հայ-ռուսական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ: «Այս տարուան ութ ամիսներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը աւելցած է շուրջ 1/3ով նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած: Ռուսիան Հայաստանի մէջ հիմնական ներդրումներու առումով առաջին տեղը կը գրաւէ: Մենք դիտարկած ենք նաեւ իրականացուող ներդրումային ծրագիրները ուժանիւթի ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Մեծամօրի աթոմակայանի շահագործման ժամկէտներու երկարացումը», ըսաւ Սերգէյ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Հայաստան եւ Ռուսիա կայուն զարգացման գործընթաց արձանագրած են նաեւ ռազմաճարտարագիտական ոլորտին մէջ համագործակցութեան առումով: «Կ՛աշխատի համապատասխան միջկառավարական յանձնաժողով: Հայաստանին անհրաժեշտ ռազմական արտադրանքի մատակարարումները պատշաճ կը կատարուին», նշեց Լաւրով:
«Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ՝ մենք, մեր ամերիկացի եւ ֆրանսացի գործընկերներուն հետ, պիտի շարունակենք օժանդակութիւն տրամադրել, որպէսզի ստեղծուին այնպիսի պայմաններ, որոնք թոյլ պիտի տան կողմերուն լուծելու Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցը», ըստ «Փանորամա»ի՝ Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:
Ան յայտնեց, որ հայ գործընկերոջ հետ հանդիպման ընթացքին ռուսական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է վերջերս Պաքու կատարած այցին արդիւնքները:
Լաւրով ընդգծեց, որ իրենք երախտապարտ են հայ գործընկերներուն այսօրուան արդիւնաւէտ աշխատանքին համար՝ աւելցնելով. «Յոյս ունիմ, որ այսօրուան հանդիպումը նոր թափ կը հաղորդէ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն:
«Հարցը այն է, որ պէտք է գործը խօսքերու հետ համընկնի եւ չշեղի: Ատրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւնները կը տարբերին անոնց գործողութիւններէն», ըստ «Փանորամա»ի, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, իր կարգին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան՝ պատասխանելով ռուս լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչո՛ւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը կը ձգձգուի, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ կողմնակից է հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման:
Նախարարը յիշեցուց հիմնահարցի կարգաւորման հետ կապուած քանի մը այդպիսի դէպքեր. «Կազանի նախօրէի, մենք արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումներ ունեցանք, որպէսզի համաձայնեցնենք հիմնական սկզբունքներուն նիւթը, որ յետագային պէտք է ներկայացուէր նախագահներուն: Գագաթաժողովէն տասը օր առաջ մենք ստացանք ուղեկցող նամակ՝ ներառեալ նիւթերը, ուր յստակ ներկայացուած էր, որ համաձայնութեան նիւթերուն մէջ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, բայց ատրպէյճանցիները Կազան եկան 12 փոփոխութիւններով՝ նահանջելով մէկ քայլ ետ: Այս մէկը առաջին անգամը չէր, նախապէս ալ՝ Սոչիի մէջ, Մարտ 2011ին, նոյնը պատահած էր, Հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ, Յունիս 2010ին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: Նոյն պանը պատահած էր նաեւ Կազանէն ետք: Չանդրադառնամ բոլոր հանդիպումներուն, պարզապէս յիշեցնեմ, որ բառացիօրէն Վիեննայի ու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ մենք որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերինք, բայց ապա անոնք յայտարարեցին, որ ոչ մէկ բանի շուրջ համաձայնած են: Անոնք յայտարարեցին, թէ թիւրըմբռնում եղած է»:
Նալպանտեանը յայտնեց, որ ԵԱՀԿին համանախագահող երկիրը չորս անգամ կապ հաստատած էր ատրպէյճանական կողմին հետ եւ անոնք ամէն անգամ հաստատած են, որ այո մենք համաձայն ենք, որ խումբին ընդարձակումը պիտի ֆինանսաւորուի ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասփըրչիքի կողմէ, բայց չորս ագամ ԵԱՀԿի պիւտճէթային յանձնաժողովին մէջ արգելափակած են այդ հարցը: Հայաստան, Արցախ եւ Ատրպէյճան քանի մը անգամ համաձայնած են նաեւ դադրեցնելու կրակը սահմանագիծին վրայ, սակայն ամէն ճիշդ ու սուտ գործածելով՝ ատրպէյճանցիները կը փորձեն նահանջել այդ համաձայնութիւններէն: Ես կը կրկնեմ՝ լաւ պիտի ըլլար, որ Ատրպէյճանի խօսքերը համապատասխանէին գործերուն», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին՝ Նալպանտեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները՝ հասնելու համար հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման: