Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Նոյեմբերին այցելեց Սեն Շամոն քաղաք եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետի, տեղական իշխանութիւններու պատասխանատուներու, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար՝ յայտնելով, որ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ, Արցախի պատուիրակութիւնը ինքզինք կը զգայ հարազատ տան մէջ:
Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի ժողովուրդը հայ ժողովուրդի անկեղծ բարեկամն է, եւ Արցախը շահագրգռուած է Ֆրանսայի, անոր տարբեր վարչական միաւորումներու, քաղաքներու եւ համայնքներու հետ փոխգործակցութեան խորացումով:
Անդրադառնալով Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գործունէութեան՝ նախագահ Սահակեան զայն բնութագրեց իբրեւ մարդասիրութեան, անկեղծ բարեկամութեան, սկզբունքայնութեան, համամարդկային արժէքներուն հաւատարմութեան օրինակելի դրսեւորում՝ բարձր գնահատելով անոր ներդրումը Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններու եւ հայ-ֆրանսական կապերու ամրապնդման ու ընդլայնման գործին մէջ: