ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Նոյեմբեր 28ին անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, որ հարցականի տակ առած էր Անգարայի այն պնդումը, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Էրտողանին խստացած էր կասեցնել Սուրիոյ քիւրտերուն զէնքերու մատակարարումը։
Արդարեւ, նախարարութիւնը նշած էր, թէ վերատեսութեան կ՛ենթարկուի Սուրիոյ քիւրտերուն մատակարարուող զէնքերուն տեսակները եւ քանակը, առանց ակնարկելու սակայն այդ մատակարարումները կասեցնելու հաւանականութեան։ Էրտողան պնդեց, թէ այս գծով յստակացում ստանալու համար, այս շաբաթ դարձեալ պիտի խօսի Թրամփի հետ՝ վստահեցնելով. «Եթէ ինք չհեռաձայնէ, ե՛ս պիտի հեռաձայնեմ»։ Ըստ Էրտողանի՝ Թրամփի հետ զրոյցէն ստացած է այն տպաւորութիւնը, որ երկու երկիրներու ղեկավարութիւնը համակարծիք են Սուրիոյ տագնապին գծով։
Աւելի կանուխ, փոխվարչապետ Պաքըր Պոզտաղ յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերստանձնէ այն զէնքերը, զորս մատակարարեցին Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն՝ պնդելով, որ Անգարա «պիտի հետեւի այդ հարցով Ամերիկայի տուած խոստումներուն»: Պոզտաղ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յատնած էր. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն զինումը, շա՛տ կարեւոր է, սակայն անարժէք է, եթէ մնայ խօսքի սահմաններուն մէջ»: Ան Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցը նկատած էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու շրջադարձ մը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա «ահաբեկչական» կ՛որակէ Սուրիոյ քրտական ուժերը, որոնք «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու ամենագործնական դաշնակիցներն են։