ԽԱԹՈՒՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Յարգարժան եւ Սիրելի Սգակիրներ,
Հաւաքուած ենք այս մատուռին մէջ յարգանքի, սիրոյ եւ գնահատանքի մեր հաւաքական սրտաբուխ արտայայտութիւնը ընելու Բաբգէն Սասունիի կեանքին մասին:
Այս պահուս, մենք կը վերյիշենք այն բոլոր առիթները, զորս ունեցած ենք Բաբգէնին հետ: Իւրաքանչիւրիս փորձառութիւնը տարբեր կրնայ ըլլալ, բայց համոզուած եմ, որ մեր եզրակացութիւնը պիտի ըլլայ այն, թէ Բաբգէնին մահով մենք հաւաքաբար կորսնցուցինք ազնուական, արդարամիտ, գործնական եւ հաւատաւոր ընկեր մը: Ես բախտաւոր կը զգամ, որ զինք մօտէն ճանչցած եմ ու երկար տարիներ վայելած իր եւ Մարժոյին բարեկամութիւնը: Բախտաւոր կը զգամ նաեւ, որ առիթ ունեցած եմ իրեն հետ գործակցելու կարգ մը գաղութային աշխատանքներու մէջ:
1952ին, որպէս նորագիր՝ ես Բաբգէնին եւ Սէնոյին ծանօթացայ Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մէջ, ուր երկուքն ալ արդէն վարչական փորձառութիւն ունէին: Անմիջապէս յայտնի էր, որ շատ մտերիմ ընկերներ էին: Միայն վերջերս իմացայ, թէ այդ ընկերութիւնը Հալէպի մանկապարտէզէն սկսած էր:
Քանի մը տարի առաջ Բաբգէնը մանկապարտէզի իրենց խմբանկարը գտած էր, մեզի բերաւ եւ յայտնեց, որ նկարին մէջ Սէնօն գտած էր, բայց ինքզինք գտնելու դժուարութիւն ունեցած էր: Աղջիկս եւ Անի Մկրտիչեանը ցոյց տուին, թէ ինք ո՛ւր է նկարին մէջ: Անշուշտ ուրախացան, որ «Բաբգէն ամմոյին» օգտակար եղան:
1964ին, երբ մենք ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ եկանք, Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ բարձրախօսէն իմացանք, որ մէկը մեզ կը փնտռէր: Ես զարմացայ, թէ ո՛վ կրնայ ըլլալ ան: Սէնօն ըսաւ, որ ան միայն Բաբգէնը կրնայ ըլլալ… Եւ իսկապէս ի՛նքն էր: Լոս Անճելըսէն Նիւ Եորք եկած էր մեզ դիմաւորելու, ապա իր ճամբորդութիւնը շարունակեց: Ուաշինկթընի մէջ 2 ամսուան մեր սպասումէն ետք, երբ կեցութեան արտօնագիր ստացանք, անհամբեր էինք Լոս Անճելըս հասնելու, որովհետեւ Բաբգէնը արդէն ընտանեօք հոն փոխադրուած էր: Երկու ամիս՝ 3 երեխաներով, մենք Բաբգէնենց տունը մնացինք, մինչեւ որ Սէնօն գործ գտաւ: Չմոռնամ աւելցնել, որ այդ շրջանին Մարժէօլէնը եւ Բաբգէնը ճիգ չխնայեցին, որ մեր կեցութիւնը եւ հաստատուիլը դիւրասահ ըլլան: Շուտով մօտիկ ընկերներ Մկրտիչեան եւ Հացպանեան ընտանիքներն ալ որոշեցին Լոս Անճելըս հաստատուիլ, որովհետեւ Բաբգէնը եւ Սէնօն, այսինքն՝ մեր ընտանիքները, հոս էին, եւ այսպէս Լիբանանի ընկերներու խմբակը ամբողջացաւ։
Ընկերներու ընտանեկան յաճախակի այցելութիւններուն արդիւնքը եղաւ, որ մեր զաւակները զիրար փնտռեն: Երբ մենք ոտքի կ՛ելլէինք տուն մեկնելու, յաճախ մեր զաւակներուն առաջարկը կ՛ըլլար՝ «գաւաթ մըն ալ սուրճ խմեցէք»: Այդպիսով գոնէ ժամ մը եւս իրարու հետ ժամանակ կ՛անցընէին: Երբ մեկնելու պատրաստ ըլլայինք, այս անգամ ալ իրարու տուն քնանալու նիւթը կը բացուէր: Երբ մենք կ՛առարկէինք, թէ՝ «հագուստ չունիք», ուրախութեամբ կը յայտարարէին՝ «ունի՛նք»: Անշուշտ մենք գիտէինք, որ անոնք պայուսակները պատրաստած եւ ինքնաշարժներուն մէջ տեղաւորած էին՝ «առանց մեր տեղեկութեան»։
Այդ շրջանին, մեր զաւակներու բարեկամութիւնը յաճախակի այցելութիւններով ու ծրագրուած զբօսանքներով դարձաւ հարազատներու մնայուն ընկերութիւն մը: Հիմա, երրորդ սերունդը՝ մեր թոռները, նոյն հարազատութեամբ կը մեծնան եւ կը վայելեն նոյն տաքուկ ընտանեկան միջավայրը: Այս ժամանակաշրջանի մեր բոլոր նկարներու հաւաքածոն Բաբգէնին կը պարտինք, որովհետեւ Բաբգէնի ձեռքէն նկարելու մեքենան անպակաս էր, իսկ վերջերս ալ ձեռային բջիջային հեռաձայնները կ՛օգտագործէր՝ նկարներու մեր հաւաքածոն ճոխացնելու համար:
Միեւնոյն ժամանակ, Բաբգէնը իր ընտանիքին՝ Մարժոյին, տիկ. Մարիին, Մարալին, Կարոյին եւ Գեւոյին խնամք կը տանէր. իր հասարակական կուսակցական եւ մշակութային աշխատանքին շնորհիւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ գաղութը աւելի կազմակերպուեցաւ եւ ուռճացաւ: Ան իր յարատեւ, անշահախնդիր եւ անսակարկ մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան, Համազգային Միութեան եւ Ճեմարանականներու ընկերակցութեան հիմնադրութեան:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, հայ գաղութի օժանդակութեան համար որոշուեցաւ համայնքային դռնէ դուռ հանգանակութիւն կազմակերպել. այս գործին մէջ Բաբգէնը Կեդրոնական յանձնախումբին մղիչ ուժն էր։
Բաբգէն Սասունին կարեւոր դեր եւ մասնակցութիւն ունեցաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան կառոյցի փոփոխութեան հանգրուանի աշխատանքներուն: 1988ի Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, ան մաս կազմեց Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ կեանքի կոչուած Համայնքային Վերաշինութեան Յանձնախուբին: Իսկ 1990ին, երբ երկրաշարժին ընթացքին քանդուած գիւղերէն երեքին վերաշինութեան պարտականութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ուսերուն ինկաւ, ուրիշներու կողքին Բաբգէնը շարունակեց այդ աշխատանքը իբրեւ Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս յանձնախուբին կը մասնակցէինք Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի՝ նորոգ հանգուցեալ ընկհ. Սալբի Հացպանեանը եւ ես: Այդ ժողովներուն ընթացքին մենք վայելեցինք Բաբգէնին ժողովական կարողութիւնը, քանի մը բառերով հարցերը բնորոշելու հմտութիւնը եւ հետեւողական յանձնառութինը: Շինութեան աշխատանքին կողքին, հիմը դրուեցաւ Երեւանի եւ Թալինի «Օբթիք»ներուն:
Բաբգէն եւ Մարժէօլէն յաճախ կը հիւրընկալէին Ֆրանսայէն կամ Լիբանանէն այցելողներ, եւ այդ հիւրասիրութիններուն մենք ալ անվարան կը մասնակցէինք: Որեւէ հրապարակային հանդիպումի ընթացքին, Բաբգէնը առաջինը կ՛ըլլար՝ նորեկի մը մօտենալով յարաբերութիւն ստեղծող եւ տեղեկութիւններ ստացող, եւ միշտ կը փորձէր օգտակար ըլլալ… Մեզի համար, Սփիւռքի առաջին լուրերու աղբիւրը ի՛նքն էր՝ համակարգիչներուն շնորհիւ:
Բաբգէն բազմատաղանդ, լայնամիտ, ելելկտրոնային նորութիւններու լաւատեղեակ անձն էր եւ՝ վերջին օրինակները անմիջապէս ձեռք ձգողը, յաճախ մե՛զ ալ քաջալերելով, որ նոյն սարքերը որդեգրենք: Շրջան մը, իր գործին բերումով, համակարգիչներու վերջին օրինակները տուն կը բերէր, եւ մեր զաւակները՝ «Բաբգէն ամմոյին» միջոցով, գիտական հանելուկներու կը ծանօթանային եւ կը զարգանային… երանելի՜ օրեր:
Հոս չեմ կրնար չանդրադառնալ այն երեւոյթին, որ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ մեր հանդիպումներու խօսակցութեան նիւթերը մի՛շտ հայութիւնը մտահոգող, տագնապեցնող հարցեր կ՛ըլլային, բայց յանկարծ լուրջ մթնոլորտը կը փոխուէր եւ այս անգամ նիւթը կ՛ըլլար իրենց «պատանեկան եւ երիտասարդական արկածախնդրութիւնները եւ խենթուկ արարքները»:
Վերջին 10-15 տարիներուն, Բաբգէն իր առաքելութիւնը համարած էր իր հօրը՝ Կարօ Սասունիի, նամակները կարգի դնել, վերծանել ու մեքենագրել, եւ յաճախ հետաքրքրական նիւթերը Սէնոյին կը բերէր՝ միասին բաժնելու համար. մի՛շտ կը հիանայինք, որ պրն. Կարօ Սասունիի գրած նամակները այսքա՛ն ժամանակ պահեր էր ան։
Բաբգէնին համար մնայուն ուրախութեան աղբիւր եղաւ իր թոռնիկին՝ Արմէն Կարոյի ծնունդը եւ իրեն քով հասակ նետելը, դպրոց երթալը եւ յաճախ զինք զարմացնելը իր պատասխաններով։
Սէնոյի մահէն ետք, եթէ ոչ շաբաթական՝ գոնէ երկու շաբաթը անգամ մը կը հեռաձայնէի իրեն: Երբ իր առողջութեամբ հետաքրքրուէի, Բաբգէնին պատասխանը կ՛ըլլար՝ «սովորակա՛ն»: Մեր խօսակցութիւնը կը վերջացնէր «քա՛ջ եղէք» յորդորով:
Սիրելի՛ Մարալ, Կարօ, Պերնատէթ, Գէւօ եւ Արմէն, հիմա իմ յորդորս է ձեզի՝ «քա՛ջ եղէք, քա՛ջ եղէք եւ քա՛ջ եղէք»…։
Beautiful article by Khatoun Pakradouni, very interesting to learn all the aspects describing Papken Sassouni.
It was delightful to learn the relationship of the two families through the years.
May God bless his soul and to use his words. “BE BRAVE”.
Thank you Khatoun for this enlightening article.