ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Դժուար պիտի ըլլար այսօր գտնել անձեր, որոնք ըլլային նոյն ատեն լա՛ւ մարդ, հայրենասէ՛ր հայ եւ նուիրուա՛ծ դաշնակցական: Բաբգէն Սասունին այդ փոքրաթիւ անհատներէն մէկն էր։
Խելացի, բարձր կրթութեան տէր եւ նոյն ատեն համեստ, քաղաքակիրթ ու սիրալիր էր միշտ: Ան յարգանքով կը վերաբերէր բոլորին հետ եւ պատրաստ էր օգնութեան հասնելու, եթէ կարիքը ըլլար: Լաւատես անձ մըն էր, չէր բողոքեր եւ երբե՛ք բացասական արտայայտութիւն չէր ունենար ոեւէ մէկուն մասին: Սուր զուարթամտութեան (humor) տէր՝ հաճելի՛ խօսակից էր: Հետը աշխատողները կը վկայեն նաեւ, ան որ յամառ աշխատող եւ խիստ բծախնդիր անձ էր: Բաբգէնը նաեւ լաւ ամուսին եւ լաւ հայր էր:
Բախտաւոր էր ան՝ ունենալով հայր մը, իրական յեղափոխական, որ իր կարեւոր բաժինը բերած էր Հայաստանի անկախութեան կերտման գործին, ապա մինչեւ մահ ծառայած էր իր ժողովուրդին: Մայրը՝ Միսաք Մեծարենցի գերդաստանէն, Պոլսոյ մէջ համալսարանական ուսում ստացած մտաւորական, որ ապա Պէյրութի մէջ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայ Օգնութեան Միութեան գործին: Բաբգէնը իր նախահամալսարանական ամբողջ ուսումը ստացած էր Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին մէջ, ուր ամբողջացուցած էր իր հայեցի կրթութիւնը:
Կան հայրենասէրներ խօսքով, եւ կան հայրենասէրներ՝ գործո՛վ. Սասունի կը պատկանէր այս երկրորդ խումբին: Մի՛շտ պատրաստ էր օգնելու եւ իր աջակցութիւնը բերելու ազգօգուտ տարբեր աշխատանքներու:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային միութեան հիմնադիր անդամներէն էր Բաբգէնը եւ երկար տարիներ շարունակ վարչական զանազան պաշտօններով մեծապէս օժանդակած էր այդ միութեան զարգացման։ Նաեւ, լայնօրէն կը մասնակցէր միութիւններու կազմակերպած հանգանակութիւններուն: Հայրենիքին հանդէպ ունեցած իր սէրը մե՛ծ էր. շատ կը փափաքէր այցելել իր նախնիներուն բնակավայրը, չկրցա՛ւ՝ դժբախտաբար, սակայն յաջողեցաւ հայրը տանիլ Սովետական Հայաստան, հանդիպելու համար այն սասունցիներուն, որոնք Ա. Համաշխարհային պատերազմին գաղթած ու հաստատուած էին Թալինի շրջանը:
Դաշնակցութիւնը անբաժան մասն էր Բագէնի էութեան։ Ան ամբողջովին նուիրուած էր կուսակցութեան եւ եօթանասուն տարիներ շարունակ ծառայած անոր՝ պարկեշտօրէն եւ անսակա՛րկ: Հմուտ էր կուսակցութեան ամբողջ պատմութեան, Ծրագիրին ու Կանոնագիրին. պարտաճանաչօրէն կատարեց իրեն յանձնուած պարտաւորութիւնները՝ լաւագոյն կերպով: Չափազանց կարգապահ, կուսակցական ժողովներուն մէջ ամէնէն տրամաբանական եւ չափաւոր միտքերն ու առաջարկութիւնները ներկայացնողն էր ան, եւ այդ բոլորը՝ համեստօրէ՛ն։ Ան երբեք չաշխատեցաւ ղեկավարի դիրքի տիրանալ. հակառակ այս իրողութեան, մէկէ աւելի անգամներ ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Ունեցած իր բոլոր առաքինութիւնները պատճառ դարձան, որ ան մէկ անգամ մասնակցի կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին:
Հաւանաբար ապարդի՛ւն ճիգ մը ըլլայ փորձել այսօր հանդիպիլ ուրիշ Բաբգէն Սասունիի մը: