Յօրինող Տիգրան Մանսուրեան ԱՊՀ երկիրներու մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան այլ գործիչներուն մէջ դարձաւ «Համագործակցութեան աստղ»ի դափնեկիր:
Պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 11 Դեկտեմբերին, ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու ստեղծագործական եւ գիտական մտաւորականութեան՝ Մոսկուայի մէջ ընթացող համաժողովին ընթացքին:
«Համագործակցութեան աստղ» մրցանակը 2009էն ի վեր կը շնորհուի արուեստի, գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ նշանակալի ձեռքբերումներու համար: Անոր հիմնադիրներն են՝ Մարդասիրական համագործակցութեան խորհուրդը եւ ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամը: Պարգեւի դրամական մասը կը կազմԷ 2 միլիոն ռուպլի: