Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ազատազրկումը հակառակ ազդեցութիւն ունեցած է, որովհետեւ 2017ին, նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ կտրուկ կերպով աճած է Արցախ այցելողներու թիւը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին իր պլոկին մէջ գրած է Լափշին:
«Ինծի համար 2017ը դիւրին տարի մը չէր, որովհետեւ այդ տարուան շուրջ 9 ամիսները անցուցի ատրպէյճանական բանտին մէջ՝ Արցախ այցելութիւններուս պատճառով: Ինծի բախտ վիճակուեցաւ գտնուիլ ատրպէյճանական ցեղախումբերու աղտոտ հաշիւներուն մէջ, տեղեկանալ Ալիեւներու ընտանեկան խժդժութիւններուն մասին, թռչիլ Պաքուի սուլթանին կնոջ անձնական օդանաւով եւ տեսնել, թէ ինչպէս իրարու կոկորդ կը կրծեն իշխանութեան ու քարիւղային դրամներու համար այդ մահմետական երկրին մէջ, անոնց ցեղապաշտութիւնն ու ատելութիւնը ոչ միայն հայ ժողովուրդին նկատմամբ (արցախեան հակամարտութեան պատճառով), այլ նաեւ այլադաւաններու նկատմամբ ընդհանրապէս», կը գրէ Լափշին:
Ան երեւոյթը յարակարծական (փարատոքսալ) կը համարէ, նկատի ունենալով, որ իր դէմ տարուած դատական գործով Ատրպէյճան նպատակ ունէր վախցնել ամողջ աշխարհը, սակայն Պաքուն նպաստեց, որ 2017ին Արցախ այցելէ կրկնապէս առաւել զբօսաշրջիկ, քան նախորդ տարին: «Անոնց մէջ էին մերձպալթեան երկիրներէն իմ լաւ բարեկամները, որոնք հրաշալի ֆիլմ պատրաստեցին այս հրաշալի երկրամասին, անոր մշակոյթին, ժողովուրդին, բնութեան եւ յուշարձաններուն մասին: Երբ դիտէք զայն, վստահ եմ, որ դուք ալ պիտի ուզէք այնտեղ գտնուիլ», կը գրէ Լափշին: