ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թէեւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը փորձէ գաղտնի պահել ոստիկաններու եւ ոստիկանութեան ինքնաշարժներու թիւի մասին տեղեկութիւնները, սակայն ոստիկանութեան տարբեր պաշտօնեաներ կը հրապարակեն թիւեր, որոնց հետ պարզ թուաբանական գործողութիւններ իրականացնելով՝ կարելի է ստանալ ոստիկանութեան եւ ոստիկանութեան զօրքերու ընհանուր թիւը:
Այս առնչութեամբ, «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորումը» որոշած է հրապարակել շարք մը ոչ գաղտնի տեղեկութիւններ՝ Հայաստանի ոստիկանութեան եւ ոստիկանութեան զօրքերու անձնակազմին, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու թիւին մասին:
Ոստիկանութեան ծառայողներու թիւը հաշուարկելու նպատակով «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորումը» ոստիկանութեան պետին հարցում յղած է՝ խնդրելով յայտնել ծառայողներու միջին աշխատավարձը: Ստացուած պատասխանին համաձայն՝ ոստիկանութեան եւ ոստիկանութեան զօրքերու ամսական միջին չհարկուած աշխատավարձը կը կազմէ 228,600 դրամ: Բացի այդ, ոստիկանները տարեկան կը ստանան 223,500 դրամ պարգեւ:
Ոստիկանութիւնը պետական պիւտճէէն «աշխատողների աշխատավարձ եւ պարգեւատրումներ» տողով ծախսած է շուրջ 30.9 միլիառ դրամ: Այդ գումարէն 10.6 միլիոն դրամը վճարուած է իբրեւ յաւելավճար քաղաքացիական յատուկ ծառայող հանդիսացող շուրջ 1100 ոստիկաններու: Բաժնելով աշխատավարձերու գումարը ոստիկանի տարեկան միջին չհարկուած աշխատավարձի եւ պագրեւատրման վրայ՝ կը ստացուի ոստիկանութեան եւ ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողներու ընդհանուր թիւը՝ շուրջ 10,400 ծառայող:
Ոստիկանութեան արտապիւտճէական հիմնադրամէն եւս աշխատավարձեր կը վճարուին: Այդպէս, պահպանութեան անվտանգութեան գծով իրականացուող ծառայութիւններու համար ծառայողներուն աշխատավարձի տեսքով վճարուած է 6.3 միլիառ դրամ, ճանապարհային ոստիկանութեան՝ 1.9 միլիառ, անձնագրային՝ 270 միլիոն: Այդ գումարով աշխատավարձ կը ստանան շուրջ 3100 ոստիկանութեան աշխատակիցներ:
2017ին ոստիկանութիւնը գնած է 126 միաւոր փոխադրամիջոց: 2017ին գնուած ինքնաշարժներու գումարային արժէքը կազմած է շուրջ 660 միլիոն դրամ: Գնուած ինքնաշարժներու զգալի մասը Ճոփոնական «Toyota» մակնիշի Թուրքիոյ մէջ արտադրուած է: