ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ, 2017ի տուեալներով՝ աճ արձանագրուած է ելեկտրական ուժի արտադրութեան եւ արտածման ոլորտին մէջ: Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Հայկ Յարութիւնեան կը յայտնէ, որ ելեկտրական ուժի արտադրութիւնը 2016ին կազմած է 7 միլիառ 315,1 միլիոն քիլովաթ, իսկ 2017ին՝ 7 միլիառ 752,9 միլիոն քիլովաթ, աճը՝ 6 տոկոս:
2016ին արտածուած է 1 միլիառ 220,4 միլիոն քիլովաթ ելեկտրուժ, 2017ին՝ 1 միլիառ 404,8 միլիոն քիլովաթ: Աճը կազմած է 15.1 տոկոս: