«Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) Պաքուի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները այցելեցին ատրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող երկու հայերուն:
ԿԽՄԿի ատրպէյճանական ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա յայտնեց, որ անցեալ ամիս կառոյցի ներկայացուցիչները այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական կողմին մօտ պահուող անձերուն:
«Մենք կը շարունակենք պարբերաբար այցելել հակամարտութեան իբրեւ արդիւնք ձերբակալուած անձերու: ԿԽՄԿը, իր իրաւագիրին համաձայն, այցելութիւններ կը կազմակերպէ՝ ձերբակալուած անձերու ազատազրկման պայմաններու եւ անոնց հանդէպ վերաբերմունքի կարգաւորում իրականացնելու, ինչպէս նաեւ վերջիններուս՝ իրենց ընտանիքներուն հետ կապը ապահովելու հարցով օգնելու համար»:
Յիշեցնենք, որ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կը պահուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէկ քաղաքացի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան այլ քաղաքացի մը: