ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի մէջ, 2017ին, զբօսաշրջիկներու այցելութիւնները 2016 տարեշրջանին հետ համեմատած՝ աճած են 41 տոկոով: Նոյն ցուցանիշը 2015ի հետ համեմատած՝ աճած է շուրջ 30 տոկոսով, կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան:
«Մենք նաեւ ցուցանիշերը կը համեմատենք 2015ի հետ, որովհետեւ յայտնի է, որ 2016ին զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ ունեցանք անկում: Երբ կը խօսինք զբօսաշրջութեան աճին մասին, միայն 2017ին կատարուած աշխատանքին արդիւնքը չէ, այլ վերջին տարիներու բուռն քարոզարշաւին շնորհիւ է», ըսաւ Գրիգորեան:
Զբօսաշրջիկներու աշխարհագրական պատկերը տարուէ տարի կ՛ընդարձակուի: Այցելութիւններու թիւով առաջինը Ռուսիոյ քաղաքացիներն են, այնուհետեւ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի եւ այլն: Արցախի զբօսաշրջութեան տեղեկատուական կեդրոններու միջոցով կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւններու շրջանակին մէջ են հիմնական զբօսաշրջութեան վայրերը, մասնաւորապէս՝ Ստեփանակերտը, Շուշին, Գանձասարը եւ Տիգրանակերտը, որոնք այցելութիւններու քանակի աճ ունին:
«Կը նախատեսենք մասնակցիլ միջազգային ցուցահանդէսներու: Այս տարի Ռուսիայէն կը սպասենք այցելութիւններու աճ, որովհետեւ այս շուկան թիրախ ընտրած ենք: Կ՛աշխատինք նաեւ եւրոպական ուղղութեամբ», բացատրեց Գրիգորեան: