ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) հեղինակաւոր եւ հանրաճանաչ հասարակական կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ արձանագրուած են 2017ի ընթացքին առաւել քան 90 երկիրներու մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւունքներու խախտումները՝ ներառեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ստորեւ համառօտ կերպով ներկայացուած է Մարդկային իրաւանց դէտի զեկոյցէն Հայաստանի մէջ անցեալ տարեշրջանին ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներուն մասին.
«Խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք առաջինն էին 2015ի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, որոնց շնորհիւ նախագահականէն անցում կատարուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի, չկրցան բարելաւել հանրութեան վստահութիւնը՝ ընտրական համակարգին նկատմամբ: Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւաքեց ձայներուն մեծամասնութիւնը՝ հակառակ խախտումներու մասին զեկոյցներուն։
Իշխանութիւնները չկրցան պատասխանատուութեան ենթարկել ցուցարարներու եւ լրագրողներու նկատմամբ յատկապէս Յուլիս 2016ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերուն ընթացքին բռնութիւն կիրառած պաշտօնեաները: Դատավարութիւնը այն 32 անձերուն, որոնք կը մեղադրուէին Երեւանի մէջ ոստիկանական բաժանմունքը բռնի ուժով գրաւած ըլլալու յանցանքով, զեկոյցը գրելու պահուն տակաւին կը շարունակուէր: Ազատազրկման վայրին մէջ չորս ամբաստանեալներ յայտնած էին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վատ վերաբերումին մասին»:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ
Ստորեւ համառօտ կերպով ներկայացուած է Մարդկային իրաւանց դէտի զեկոյցէն Ատրպէյճանի մէջ անցեալ տարեշրջանին ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներուն մասին.
«2017ին, կառավարութիւնը աւելի ուժեղացուցած է պայքարը քննադատողներու դէմ: Դատարանները քաղաքական դրդապատճառներով եւ անարդար դատավարութիւններով երկարատեւ ազատազրկման դատապարտած են առնուազն 25 լրագրողներ, քաղաքական եւ երիտասարդ գործիչներ: Տասնեակներով մարդիկ ձերբակալուած են կամ՝ քրէական հետապնդման ենթարկուած, ինչպէս նաեւ կ՛ենթարկուին հետապնդումներու եւ ճամբորդական արգելքներու կամ ալ փախած են երկրէն: Անմարդկային օրէնքները եւ կանոնակարգերը կը խոչընդոտեն անկախ խումբերու աշխատանքն ու ֆինանսաւորման ապահովումը: Բանտերու մէջ կը շարունակուին խոշտանգումներն ու վատ վերաբերումը:
Բռնութեան արշաւին մէջ, միասեռական տասնեակ տղամարդիկ եւ սեռափոխուած կանայք ձերբակալուած են եւ ոստիկանութեան կողմէ վատ վերաբերումի արժանացած: «Արդիւնահանող ընկերութիւններու թափանցիկութեան նախաձեռնութիւն» (EITI) միջազգային միութիւնը, որ աղբիւրներով (resources) հարուստ երկիրներու մէջ կը խթանէ աւելի լաւ կառավարումը, երկար տարիներու ստուգումներէ եւ քանի մը նախազգուշացումներէ ետք, կախակայեց Ատրպէյճանը՝ քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու գծով սահմանափակումները չջնջելուն համար։
Մարդկային իրաւանց դէտը նաեւ ներկայացուցած է հետեւեալ մանրամասնութիւնները Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու մասին.
– «18 ցուցարարներ բանտարկուած են կամ կը սպասեն դատավարութեան՝ քրէական պատասխանատուութեան քաղաքական դրդապատճառներով։
– 7 լրագրողներ եւ պլոկըրներ (bloggers) բանտարկուած են կամ կը սպասեն դատավարութեան՝ քրէական պատասխանատուութեան քաղաքական դրդապատճառներով։
– 11 անգամ Եւրոպական խորհուրդը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակելու ընդդիմութեան առաջնորդ Իլկար Մամետովը։
– 5 մեծ լրատուական միջոցներ Ատրպէյճանի կողմէ մշտապէս արգելափակուած են՝ «ազգային անվտանգութեան» պատրուակով»։
– «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանը դասակարգած է 180 երկիրներու շարքին 162րդը՝ մամուլի ազատութեան համար»։
– 11 ցուցարարներու, անոնց շարքին՝ լրագրողներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու, արգիլուած է հեռանալ Ատրպէյճանէն»։
ԹՈՒՐՔԻԱ
Ստորեւ համառօտ կերպով ներկայացուած է Մարդկային իրաւանց դէտի զեկոյցէն՝ Թուրքիոյ մէջ անցեալ տարեշրջանին ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներուն մասին.
«2017 Ապրիլի հանրաքուէն, որ ընտրողներու կողմէ հաւանութեան արժանացաւ չնչին առաւելութեամբ, իրագործեց սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնց շնորհիւ Թուրքիա անցում կատարեց կառավարման նախագահական համակարգի, որ անոր քաղաքական հաստատութիւններուն համար ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնն էր, վերջին տասնամեակներուն ընթացքին: Հանրաքուէն տեղի ունեցաւ արտակարգ իրավիճակի մէջ, որ հաստատուած էր 15 Յուլիս 2016ի պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք, եւ լրատուական միջոցներու խիստ գրաքննութեան պայմաններու մէջ, երբ բազմաթիւ լրագրողներ եւ քրտամէտ ընդդիմութենէն խորհրդարանականներ բանտ նետուած էին: Նոր նախագահական համակարգը, որ կ՛ամրապնդէ գործող նախագահին իշխանութիւնը, յետադիմական ընթացք է մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան համար: Այս նոր համակարգը բաւարար ստուգումներ եւ հակակշիռներ չունի գործադիր իշխանութեան չարաշահումներուն դէմ, այլ մեծապէս կը նուազեցնէ խորհրդարանի լիազօրութիւնները եւ կ՛ամրապնդէ նախագահական վերահսկողութիւնը՝ դատական նշանակումներու մեծ մասին վրայ: Նախագահական համակարգը ամբողջովին ուժի մէջ կը մտնէ 2019ի ընտրութիւններէն ետք»։
Ստորեւ՝ Մարդկային իրաւանց դէտի զեկոյցէն կարճ հատուածներ, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ կու տան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խախտումներուն վերաբերեալ.
«Կը շարունակուի պետական պաշտօնեաներու ազատ արձակումը գործէն կամ կը դադրեցուի անոնց գործունէութիւնը հրամանագիրով, առանց պատշաճ դատաքննութեան, իսկ Յուլիս 2016էն ասդին, աւելի քան 110 հազար պաշտօնազրկուածներ կան: 2017ին հարիւրաւոր լրատուական միջոցներ, ընկերակցութիւններ, հիմնարկներ, մասնաւոր հիւանդանոցներ եւ կրթական հաստատութիւններ փակուեցան կառավարութեան հրամանով, անոնց բոլորին ունեցուածքները բռնագրաւուեցան առանց փոխհատուցման…: Տուժածները իրաւունք չունին աշխատելու պետական ծառայութեան մէջ, անոնց դրամատնային հաշիւները սառեցուած են, անձագիրները՝ գրաւուած»։
Բաց աստի, «կը շարունակեն ձերբակալել մարդիկ, դատապարտել եւ դատէն առաջ իսկ կալանքի տակ պահել՝ ահաբեկչութեան մեղադրանքով. առնուազն 50 հազար մարդ կալանքի տակ է նախքան դատուիլը, իսկ շատեր կը հետապնդուին յեղաշրջման փորձէն ետք:
Հետապնդուածներու շարքին են լրագրողներ, քաղաքացիական ծառայողներ, ուսուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ…։ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ 500 փաստաբաններ բանտարկուած են դատէն առաջ, իսկ աւելի քան հազար փաստաբաններ կը հետապնդուին»։
Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Թուրքիա համաշխարհային առումով յառաջատար է լրագրողներու եւ լրատուական միջոցներու պաշտօնեաներու բանտարկութեամբ, որովհետեւ անոնք քրէական հետապնդումներու եւ դատավարութիւններու դիմաց կանգնած են, անոնցմէ գրեթէ 150ը ճաղերու ետին կը գտնուէր այս զեկոյցը գրելու պահուն: Թերթերուն եւ հեռատեսիլի ալիքներուն մեծ մասը անկախութիւն չունի եւ կ՛աջակցի կառավարութեան քաղաքական գիծին»։
Համեմատած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ անցեալ տարեշրջանին Հայաստան ունեցած է նուազագոյն թիւով մարդկային իրաւունքներու խախտումներ: Աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներու ամենամեծ ոտնահարողներէն մէկը Թուրքիան է, Ատրպէյճանը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Այսուամենայնիւ, հայերուն մեծ մասը կը նախընտրէ, որ իր հայրենիքը կարելի եղածին չափ ըլլայ ժողովրդավարական երկիր, անկախ այն բանէն, թէ ո՛ր չափով ոչ-ժողովրդավարական երկիրներ են Հայաստանի դրացիները։