ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Փետրուար 16ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Պասքերու Հայկական Ծագումը» հատորի հեղինակ Վահան Սեթեան «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA) պիտի ներկայացնէ նոր հրատարակուած գիրքը։
Սեթեան պասքերու ծագման նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացուցած է յատկապէս անոնց լեզուի արմատներուն վրայ լեզուագէտ Վահան Սարգիսեանի երկարամեայ հետախուզութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ։ Մուտքը ազատ է, սակայն կարելի է կանխաւ տեղեր ապահովել՝ այցելելով www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը կամ դիմելով (818) 243-4112 թիւին ու noor@ abrilbooks.com հասցէին։