ԵԱՀԿի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) 8-9 Փետրուարին Հայաստան պիտի այցելեն: Եռանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Արցախ՝ հանդիպելու տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ: Նախատեսուած է համանախագահներու այցելութիւնը նաեւ Ատրպէյճան:
Մինսկի խմբակի համանախագահներուն՝ Ստեփանակերտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի հանդիպում Արցախի նախագահին հետ: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ այսպիսի այցելութիւններու ատեն, սովորաբար, անոնք առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ արտաքին գործոց նախարարին, խորհրդարանի ղեկավարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ:
«Պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր: Անդրադարձ պիտի կատարուի ընթացիկ եւ տագնապի լուծման վերաբերող հարցերուն: Քանի որ հիմնական շեշտը կը դրուի սահմանին զինադադարի խախտումներու հետաքննական մեքենակառոյցներու ներդրման վրայ, որպէսզի զինադադարի դրութեան խախտումները ձեւով մը չէզոքանան, բնական է, որ յատուկ ուշադրութիւն պիտի տրուի այդ հարցերուն», ըսաւ Դաւիթ Բաբայեան: Ան աւելցուց, որ որեւէ նման այցելութիւն Արցախը կարեւոր կը նկատէ: Կ՛ակնկալուի, որ այդ հարցերու քննարկումը նպաստէ տագնապի խաղաղ կերպով լուծման հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ շրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման: