Թիֆլիսի «Կովկասեան տուն» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան 83ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտները:
Ձեռնարկին ներկայ էին հայ եւ վրացի հասարակական գործիչներ, գրողներ եւ թարգմանիչներ:
Երեկոյի պատուաւոր հիւրը Զեզուա Մետուլաշվիլին էր, որուն կողմէ քսաներրորդ դարու երկրորդ կիսուն վրացերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած են Հրանդ Մաթեւոսեանի պատմուածքներու չորս ժողովածուներ:
Զեզուա Մետուլաշվիլի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հրանդին գործերը շատ դժուար էր թարգմանել, նոյնիսկ երբեմն կը կատակէինք, որ պէտք է նախ հայերէնէն աւելի հասկնալի հայերէնի թարգմանել զանոնք: Կարդալն ալ դժուար էր»:
Բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Գիւի Շահնազարեան, իր կարգին յայտնեց, որ եթէ շփում ունիս իրական գրականութեան հետ, ապա չկարդալ Մաթեւոսեան՝ անթոյլատրելի է:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մամլոյ խօսնակ Յարութիւն Հայրապետեան շեշտեց, որ Հրանդ Մաթեւոսեան հայ գրականութեան ամենաերեւելի դէմքերէն է, որուն «Աշնան Արեւ» եւ «Մենք Ենք Մեր Սարերը» ստեղծագործութիւնները, ծանօթ են ամէն հայու՝ Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թարգմանիչ Զեզուա Մետուլաշվիլին՝ Հրանդ Մաթեւոսեանի գործերը թարգմանելու եւ մաթեւոսեանական արուեստը վրացի ժողովուրդին աւելի հասանելի դարձնելու համար: Ըստ դիւանագէտին՝ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը միշտ պատրաստ է աջակցելու Վրաստանի մէջ արուեստի ու գրականութեան հայ մեծերուն նուիրուած այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպման:
Տեղեկանք. Եւրոպական «Հորիզոն, հիմնարկի «Մշակոյթային օրացոյց» նախագիծով կը նախատեսուի նշել տարածաշրջանի տարբեր երկիրներու նշանակալից տարեթիւերը, ազգային տօները եւ ականաւոր գործիչներու ծննդեան եւ մահուան օրերը. «Կովկասեան տան» մէջ տեղի ունեցած երեկոն, որ նուիրուած էր ականաւոր հայ գրող Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան օրուան, կազմակերպուած էր այդ ծիրին մէջ:
«Կովկասեան տուն»ը մտադիր է յաջորդ տարի դարձեալ լոյս ընծայելու Հրանդ Մաթեւոսեանի պատմուածքներու ամբողջական ժողովածուն, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն վրացերէնով արդէն հրատարակուած չորս ժողովածուներուն մէջ զետեղուող գործերը: