Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքի «Կուարուլհոս» միջազգային օդակայանին մէջ, 12 Փետրուարին հնչեց հայկական երաժշտութիւն եւ կատարուեցան հայկական պարեր. այդպէս ճանապարհած են հայաստանցի պարուսոյց Յովհաննէս Դաշտոյեանը Պրազիլի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Կիլիկիա» եւ «Արեւիկ» պարախումբերու անդամները:
«Շատ տպաւորիչ ու անմոռանալի պահ էր, չէի սպասեր, որ պարախումբի անդամները նման անակնկալ կը մատուցեն: Շատ յագեցած եւ անմոռանալի օրեր ունեցայ Պրազիլի մէջ, իսկ օդակայանին մէջ կատարուածը կարծես այդ բոլորին եզրափակումն էր», «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Յովհաննէս Դաշտոյեան:
Աւելցնենք, որ պարուսոյց Յովհաննէս Դաշտոյեան Պրազիլ մեկնած էր սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ: Նախարարութեան Կրթամշակութային աջակցութիւն հայ համայնքներուն (Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա) ծրագիրի ծիրին մէջ 20 Դեկտեմբեր 2017էն 12 Փետրուար 2018, Յովհաննէս Դաշտոյեան այցելեց Սան Փաուլօ քաղաք՝ Համազգայինի «Կիլիկիա» եւ «Արեւիկ» պարախումբերու անդամները վերապատրաստելու նպատակով: