ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Շաբաթ, Մարտ 4ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Լարք» երաժշտանոցը, առաջնորդութեամբ խմբավար Վաչէ Պարսումեանի՝ պիտի ներկայացնէ «Հաւատք եւ Սէր» խորագրուած համերգը։
Ձեռնարկը նուիրուած է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակին եւ պիտի կայանայ Փասատինայի «Էմպեսետըր» թատերասրահին մէջ (131 S. St. John Avenue, Pasadena, CA 91105)։
Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Լարք»ի նուագախումբը եւ հետեւեալ կատարողները՝ Շուշիկ Պարսումեան (սոփրանօ), Կարինէ Աւագեան (մեցցօ), Պերճ Քարազեան (թենոր) եւ Ապտիէլ Կոնզալես (պաս):
Համերգէն անմիջապէս առաջ, երեկոյեան ժամը 5ին, Տորիս Մելքոնեան բանախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ:
Մասնակցութեան սակը 100, 50 կամ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 20 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսերու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին: