Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ բացուած է «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան ամէնամեայ չորրորդ մրցոյթը: Նախորդ մրցոյթներուն նման, այս տարի եւս նախատեսուած են երկու մրցանակներ. առաջինը հայերէնով եւ երկրորդը անգլերէնով գրուած գործերու համար:
Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակիցին՝ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը։
Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: Համազգայինի հիմնական նպատակն է այս մրցանակին միջոցով քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներ:
Գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ գրական որեւէ ձեւով՝ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ եւ գրական վերլուծումներ: Նիւթերը կրնան ըլլալ ցարդ անտիպ, կամ՝ տպագրուած 2016-2017 տարիներուն: Մրցոյթը շահող երկու դիմորդներէն իւրաքանչիւրին կը պարգեւուի 1500 տոլար։
Դատական կազմի հինգ անդամներն են՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա), Երուանդ Քոչունեան (Քալիֆորնիա) եւ Անուշ Ակներեան (Մոնթրէալ):
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2018ի Հոկտեմբերին։
Դիմորդներու ստեղծագործութիւնները (PDF ձեւով) պէտք է Համազգայինին հասած ըլլան մինչեւ Ապրիլ 30, 2018՝ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին. tololyan_award@hamazkayin-usa.org։ Դիմորդները պարտին ամբողջացնել մրցոյթի դիմումնագիրը, որուն հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան կանոնները զետեղուած են համացանցի հետեւեալ էջին վրայ՝ http://bit.ly/167vSsM։
Սոյն մրցանակի նիւթական յատկացումը կը կատարուի Սան Ֆրանսիսքօ բնակող տէր եւ տիկ. Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններուն կողմէ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՄՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ