Ղարաբաղեան շարժման 30ամեայ տարեդարձին առիթով, «Լեռնային Ղարաբաղը եւ Եւրոպական Միութիւնը. 1988-2018. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ԵՄ քաղաքականութեան երեսուն տարիներու ամփոփումը» թեմայով, 28 Փետրուարին, Եւրոխորհրդարանի մէջ խորհրդաժողով պիտի կազմակերպուի:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ նախաձեռնութեան հեղինակներն են Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ (EuFoA) միջազգային հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Եւրոպայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (AGBU Europe):
Խորհրդաժողովին ընթացքին եւրոպացի խորհրդարանականներու եւ փորձագէտներու կողմէ պիտի ներկայացուին վկայութիւններ, թէ Եւրոպայի խորհրդարանը ինչպիսի վերաբերմունք դրսեւորած է Փետրուար 1988էն Մայիս 1991 ինկած ժամանակահատուածին՝ Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին նկատմամբ: Պիտի քննարկուի ԵՄ ներկայ քաղաքականութիւնը արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլան հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրող ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութեան ստեղծման ու խաղաղութեան խրախուսման ուղղուած շարք մը խորհրդատուութիւններ:
Ըստ ծրագիրին՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գայ ԵԽ պատգամաւոր, ԵԽ-Արցախ բարեկամական խումբի ղեկավար Ֆրանք Էնկել: Խորհրդաժողովին առանձին ելոյթներով հանդէս պիտի գան լրագրող Ցուետանա Փասքալեւա, ԵԽ պատգամաւորներ Եարոմիր Շտետինա, Էլենի Դէոխարուս, Լարս Ատագդուսոն, Հոլլանտայի «Քլինկընտաէլ» միջազգային յարաբերութիւններու ուսումնարանէն Փօլ Միրց եւ ուրիշներ