ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան ղեկավար անդամներէն Վահիկ Պետրոսեանը ամիսներ առաջ զիս նշանակած էր աշակերտական մրցոյթի մը դատակազմի անդամ: Նշանակած էր՝ կ՛ըսեմ, որովհետեւ գիտէր, որ չէի կրնար մերժել իր կողմէ առաջարկուած որեւէ պարտականութիւն:
Որեւէ դատակազմի մաս չեմ կազմած: Ամէն գնով յետաձգած եմ նոյնիսկ քաղաքացիական պարտաւորութիւն հանդիսացող դատարանի մէջ ծառայելը: Ուշ կամ կանուխ՝ այդ ալ պէտք է ընեմ:
Յամենայնդէպս, որոշ ժամանակ մը ետք, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան «Հռետորութեան մրցոյթ»ի կազմակերպիչ յանձնախումբէն Մելոտի Պետրոսեան մանրամասնեց ընելիքներս, եւ ես, անձկութեամբ լեցուն՝ Շաբաթ, 10 Փետրուարին ներկայացայ Փասատինա գտնուող Ամերիկեան Լէգիոնականներու պատմական սրահը, դատելու համար հռետորութեան արուեստին մէջ մրցող հայկական դպրոցներէ ընտրուած աշակերտները:
Այլ պարտաւորութիւններու պատճառով, հազիւ կրցայ հայերէնով կատարուած ելոյթները մտիկ ընել (ու դատել. այդ էր ինձմէ ակնկալուածը), իսկ անգլերէն ելոյթներէն միայն երկուքը վայելելու առիթը ունեցայ:
Այստեղ արձանագրեմ, որ Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը կրնայ հպարտանալ, որ արդէն իսկ սերնդափոխութիւն իրականացուցած է: Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թենի Յարութիւնեանի, Մելոտի Պետրոսեանի եւ իրենց ընկերներուն նման երիտասարդներու կողմէ, իրենց կողքին ունենալով Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեանները, որոնք հովանաւորած էին ձեռնարկը՝ տրամադրելով մրցանակի գումարները:
Ձեռնարկը ինքնին տպաւորիչ էր: Միջնակարգի աշակերտներ պէտք էր առաւելագոյնը չորս վայրկեանի մէջ ներկայացնէին բաւական բարդ նիւթ. հայերէնով մրցողները պէտք է ներկայացնէին պատմութեան ընդմէջէն հայ կնոջ վերապահուած դերը՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը, մինչեւ իսկ սեռերու հաւասարութեան խնդիրը: Իսկ անգլերէնով մասնակիցներուն նիւթը այսօրուան Հայաստանն էր՝ իր խնդիրներով եւ զարգացման հեռանկարներով:
Երանի՜ թէ դատակազմի անդամ չըլլայի ու պարզապէս ըմբոշխնէի երիտասարդներուն հրաշալի մատուցումը: Իրենց կատարողական արուեստէն անդին, նիւթը ուսումնասիրելու եւ սեղմ ժամանակի մէջ ներկայացնելու կարողութիւնը ապշեցնո՛ղ էր: Ես տեսայ հասուն ու գիտակից տղաք ու աղջիկներ, որոնք պատրաստ են մեր համայնքին եւ ազգային իրականութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունենալու: Պահե՛նք զիրենք մեր տեսադաշտին մէջ, քաջալերե՛նք ու ճամբա՛յ բանանք իրենց առջեւ:
Ես գօտեպնդուած դուրս եկայ սրահէն…