ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուզաննա Ստեփանեան կը հաղորդէ, որ նախագահական թեկնածու Արմէն Սարգսեան Հինգշաբթի, 1 Մարտին, Ազգային ժողովին ներկայացուց իր գործունէութիւնը առաջնորդող սկզբունքները:
«Փորձելու եմ լինել ոչ միայն այս խորհրդարանի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների նախագահը», խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց Հայաստանի 4րդ նախագահի թեկնածուն՝ վստահեցնելով, որ ընտրուելու պարագային ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի գործէ սահմանադրութեամբ իրեն տրուած լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ եւ պիտի աշխատի անկեղծութեամբ եւ ազնուութեամբ:
«Շնորհակալութիւնս կրկին յայտնելով Հանրապետութեան նախագահին, Դաշնակցութեանը, «Ծառուկեան» դաշինքին եւ «Ելք»ին փորձելու եմ լինել ոչ միայն այս խորհրդարանի, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների նախագահը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին մէջ նախագահի թեկնածուն անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած հիմնահարցերուն եւ ձեւակերպեց այն սկզբունքները, որոնք պիտի առաջնորդեն իր գործունէութիւնը:
Ան նախ խօսեցաւ հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող անհանդուրժողականութեան մասին՝ շեշտելով, որ հնարաւոր չէ զարգանալ եւ յառաջ շարժիլ, երբ հասարակութիւնը միասնական չէ:
«Ցանկացած նոր, կառուցողական գաղափար անմիջապէս մերժւում է միայն այն պատճառով, որ գալիս է հակառակ թիմից: Ով ով, բայց հայ ժողովուրդն անհանդուրժողականութիւնը տեղի տալու շռայլութիւն իրեն չի կարող թոյլ տալ: Անհանդուրժողականութեան այլընտրանքը երկխօսութիւնն է», ըսաւ Սարգսեան:
Ապա Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ կաշառակերութեան մասին, ըսելով, որ «այն աւերիչ ազդեցութիւն ունի մեր կեանքի բոլոր ոլորտների վրայ»:
«Այն խաթարում է օրինական եւ բնական յարաբերութիւնների ողջ շղթան, մարդու իրաւունքը դարձնում առքուվաճառքի առարկայ», ըսաւ Սարգսեան:
Անդրադառնալով կառավարութեան կողմէ վերջին տարիներուն կաշառակերութեան դէմ տարուող հետեւողական աշխատանքին, Սարգսեան շեշտեց, որ հանրութիւնը պէտք է աջակցի այդ ուղղութեամբ եւ շատ կարեւոր է, որ մարդիկ հաւատան այդ աշխատանքին:
«Եթէ ուզում ենք մեծ ներդրողներ գան մեր երկիր, ապա նրանք պէտք է տեսնեն, որ Հայաստանում օրէնքներն աշխատում են, դատարանն իրաւական է, եւ իրենց իրաւունքները պաշտպանուած են լինելու», յստակ կերպով ընդգծեց Արմէն Սարգսեան։
Հանրապետականի նախագահի թեկնածուն անդրադարձաւ նաեւ ընկերային արդարութեան: Ան նկատեց, որ 26 տարի առաջ Հայաստանի հասարակութիւնը աւելի քիչ էր բեւեռացուած հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ, թէեւ երկիրը տնտեսապէս աւելի թոյլ էր:
«Հանրութիւնը շատ աւելի քիչ էր բեւեռացուած աղքատի եւ հարուստի իմաստով: Այսօր մեր պետութիւնն աւելի հզօր է, աւելի հարուստ, բայց նաեւ բեւեռացուած: Հասարակութեան տարբեր շերտերի միջեւ առկայ սոցիալական բեւեռացման բարձր մակարդակը՝ գործազրկութիւնն, անտարբերութիւնը, բիւրոկրատական (դիւանակալական-Խմբ.) քաշքշուկը, մադկանց դարձնում են թերահաւատ եւ օտարում հասարակական գործընթացներից: Ի վերջոյ քրիստոնէական բարոյականութեան տեսակէտից մարդը չի կարող իրեն լիարժէք երջանիկ զգալ աղքատութեան հարեւանութեան պայմաններում», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Խօսելով քաղաքացիական հասարակութեան մասին՝ Հայաստանի 4րդ նախագահի թեկնածուն ըսաւ, «Այս տարիներին այն մեր կարեւորագոյն ձեռքբերումներից է: Բայց կարեւոր է, որպէսզի քաղաքացին արթնանայ ոչ միայն ընտրութիւնների ժամանակ, կամ սոցիալական սուր հարցեր բարձրացնելիս, այլ քաղաքացիական ակտիւ դիրքորոշում դրսեւորի ամենօրեայ կեանքում»:
«Մեր հոգում քաղաքացի լինելու ոգին 88ից մինչեւ այսօր, ցաւով, ես յամենայն դէպս կարող եմ ասել, որ տեսնում եմ նուազած, եւ հեռու չէ 2016 թուականի Ապրիլը՝ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ, մեր տարիքի անձնաւորութիւն, կրկին դարձաւ քաղաքացի եւ դուրս եկաւ մեր երկրի՝ Արցախի պաշտպանութեանը», ըսաւ նախագահի թեկնածուն:
Արմէն Սարգսեան, իր ձեւակերպումով, խօսեցաւ նաեւ արտագաղթի մեծ չափերուն, նաեւ այլ վտանգի մը՝ Հայաստանի մայրաքաղաքային պետութեան վերածուելու մասին, շեշտելով, որ անհրաժեշտ է լուրջ ծրագիր, որպէսզի խրախուսուին հեռաւոր սահմանամերձ գիւղերու եւ մարզերու մէջ բնակող քաղաքացիները:
«26 տարիների ընթացքում Հայաստանն աստիճանաբար կանաց-կամաց վերածւում է մի մեծ մայրաքաղաքի՝ երկրի: Հայաստանը սկսում է սեղմուել դէպի Երեւան, իսկ Երեւանն էլ՝ տնտեսական եւ զարգացման իմաստով, դէպի Երեւանի կենտրոն», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ իր երազներուն մասին, մասնաւորապէս, թէ ինչպիսի Հայաստան կ՛ուզէ տեսնել ապագային:
«Երազում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է դառնայ դինամիկ զարգացող ինտելեկտուալ (մտաւորական, մտային-Խմբ.) երկիր, եւ որպէս միջազգային իրաւունքի ինքնուրոյն սուբյեկ (հպատակ-Խմբ.), աւելի ամրապնդի իր դիրքերը որպէս անկախ եւ ժողովրդավար պետութիւն: Ես վստահ եմ, որ, եթէ մենք մեր քայլերը ճիշդ կատարենք, ապա 21րդ դարը մերն է լինելու», ըսաւ Սարգսեան: