ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Մարտի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Աւագ Երեքշաբթիի արարողութեան, որ նուիրուած էր Տասը Կոյսերու առակի յիշատակին։ Արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին տասը կոյսերը։
Իր պատգամին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ Տասը Կոյսերու առակի խորհուրդին, նշելով, որ անոնցմէ հինգը իրենց լապտերները իւղով լեցուցած կը սպասէին փեսայի գալստեան, մինչդեռ միւս հինգը բաւարար իւղ չէին բերած իրենց հետ, ու երբ գացին իւղ բերելու՝ ներկայ չէին փեսան դիմաւորելու պահուն, ուստի դուրս մնացին։ «Մեր կեանքը ներկայացնող այս առակին մէջ, իւղը խորհրդանիշն է Աստուծոյ շնորհքին ու մեր էութեան մէջ ներթափանցող Սուրբ Հոգիին, որոնք կը լուսաւորեն մեր կեանքը։ Փեսան՝ Յիսուս Քրիստոս, օր մը դարձեալ պիտի գայ, իսկ մենք արթուն պէտք է ըլլանք։ Ուրեմն, մեր ճրագներուն մէջ առատ իւղ պահենք, որովհետեւ Անոր հանդիպելու պայմանը լապտերին մէջ իւղ ունենալն է, այսինքն՝ Աստուծոյ շնորհքը եւ Ս. Հոգին», շեշտեց առաջնորդը՝ ընդգծելով, որ փեսայի տեսութեան արժանի ըլլալու համար, Աստուած մեզի պարգեւեց նաեւ Ս. Գիրքը, մեր եկեղեցին, մեր հայրերու պատգամները, եկեղեցւոյ արարողութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք միջոցներ են մեր լապտերներուն իւղը աւելցնելու։
«Աւագ Շաբաթը լաւագոյն առիթը կ՛ընծայէ հաւատացեալին, որպէսզի պատրաստուի Փեսային գալստեան ու իր հոգին լեցնէ լուսաւորող իւղով։ Ուրեմն, պատրաստ ըլլանք Իր գալստեան, ընդունինք Զինք, միանա՛նք Իրեն։ Իմաստուն կոյսերուն նման ըլլանք, մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին Աստուծոյ շնորհքով հոգեւոր պատրաստութիւն ունենանք ու արժանի ըլլանք ժառանգելու Աստուծոյ արքայութիւնը», եզրափակեց սրբազանը։