ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին ի պատիւ, միջազգայնօրէն ճանչցուած ամերիկահայ արուեստագէտ Ստեփան Սաքլարեանի (1899-1983) ստեղծագործութիւններէն ինն վաճառքի հանուած են՝ աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով։ Նախապէս չցուցադրուած այս պաստառներէն երեքը արդէն իսկ ծախուած են։
Սաքլարեանի ստեղծագործութիւնները մեծ հռչակ շահած են ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ՝ միջազգայնօրէն, յատկապէս՝ 1970ականներուն։ Ներկայիս, անոր գործերը կը գտնուին աշխարհի տարածքին գործող աւելի քան 60 թանգարաններու մէջ։
Թրքական հալածանքներէ եւ սպանդներէ փախուստ տալով՝ Սաքլարեանի ծնողները Պուլկարիա ապաստանած են 19րդ դարու վերջաւորութեան, ուր ծնած է արուեստագէտը։ Ընտանիքը 1911ին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, եւ Ստեփան հասակ նետած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Հակառակ անոր որ շրջանաւարտ եղած է գործարարութեան «Ուիթըն» համալսարանէն, Սաքլարեան իր կեանքը նուիրած է գեղարուեստին՝ դառնալով Հիւսիսային Ամերիկայի արդի վերացապաշտ արուեստի կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։
Ստեղծագործութիւնները կարելի է տեսնել եւ գնել՝ այցելելով
www.Sacklarian.org կայքը։