ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Կարտիըն».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին, Իրանի գերագոյն ղեկավար այաթոլլա Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի, Սուրիա իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ այցելեց Դամասկոսի նոր ազատագրուած Արեւելեան Ղութա արուարձանը։
Վելայաթի այս առիթով անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Թեհրան պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ արտաքին վտանգներ դիմագրաւող Սուրիոյ իշխանութիւններուն։ Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ դէմ 7 տարիէ ի վեր պատերազմ կը մղուի՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, պնդելով, թէ այդ պատերազմը ո՛չ տկարացուց Սուրիան, ո՛չ ալ զօրացուց Միացեալ Նահանգները։
Չորեքշաբթի օր, Վելայաթի հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ եւ քննարկած Սուրիոյ եւ Իրանի ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները՝ վերջին յաղթանակներուն լոյսին տակ:
Անոնք կարեւոր համարած են ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ եւ Իրանի համակարգուած աշխատանքին շարունակութիւնը, դէմ դնելու համար Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի սպառնալիքներուն ու տարածաշրջանը լարուած պահելու յաճախակի դրդումներուն:
Մուալլեմ, իր կարգին, երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանին՝ Սուրիոյ զօրավիգ կանգնելուն համար: Իսկ Վելայաթի շեշտած է, որ Իրան պիտի շարունակէ սատար հանդիսանալ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ մղած պայքարին՝ պահպանելու երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը ու վերականգնելու տարածաշրջանին ապահովութիւնը: