Երկուշաբթի, 2 Ապրիլին, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէութենէն պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Եւրոերեսփոխան, Ալիլենկիի (Համերաշխական շարժում) կուսակցութեան նախագահ, հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ եւ Արցախի «Ոսկէ Պատուոյ մետալ»ակիր տոքթ. Էլենի Թէոխարուսի հետ:
Ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Կիպրոսի, Հայաստանի, Արցախի եւ տարածաշրջանի ներկայ քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակը, արծարծուեցան ու քննուեցան անմիջական ծրագիրներու համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել եւս զարգացման հնարաւորութիւնները: