ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին Սին Էլ Ֆիլի «Իվուար» թատերասրահին մէջ, Ուրբաթ 6 եւ Կիրակի 8 Ապրիլի երեկոյեան, հոծ բազմութեան դիմաց երկու միացեալ ելոյթներով հանդէս եկան Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, (պարուսոյցներ՝ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններ), եւ Հայաստանի «Մուշ» պարային անսամպլը (պարուսոյցներ՝ Արթիւր Յակոբեան եւ Էտկար Աւետիսեան):
Ուրբաթ օրուան ելոյթին ներկայ էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Զոյգ ելոյթներուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին «Քնար» պարախումբի անդամներ Կալի Խիւտավերտեան՝ հայերէնով, իսկ Աշոտ Աբգարեան՝ անգլերէնով: Անոնք նկատել տուին, որ 2018 տարին խորհրդանշական թուական մըն է, որովհետեւ կը զուգադիպի յատկանշական յոբելեաններու, ինչպէս՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակը եւ համազգայինի հիմնադրութեան 90ամեակը: Առ այդ, Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի զարգացման գործընթացին, ուզած է անգամ մը եւս երկու երկիրներուն միջեւ կամուրջ մը ստեղծել՝ առաւել եւս ամրապնդելու Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գտնուող արդէն իսկ ամուր կապը եւ Լիբանան հրաւիրած է Հայաստանի «Մուշ» պարային անսամպլը՝ միացեալ ելոյթ մը ունենալու «Քնար» պարախումբին հետ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Բիւզանդ Գէորգեանին, որ սիրայօժար ստանձնած էր զոյգ ելոյթներուն նախագահութիւնը, որովհետեւ ան կը հաւատայ Սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան կարեւոր դերակատարութեան՝ հայ մշակոյթի զարգացման յաջողութեան մէջ:
Այնուհետեւ, աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ, «Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերը իրենց գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով լիբանանահայ հանդիսատեսին ներկայացան հայահունչ եւ հայկական մթնոլորտ ստեղծող յայտագիրով՝ լիբանանահայ պարարուեստի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր ոստում մը:
Ելոյթի երկու արարներու ընթացքին հանդիսատեսին հրամցուեցան 31 պարեր:
Յայտագիրի ընթացքին փոքրիկն Արսէն Սահակեան մեկնաբանեց երկու երգ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ, բեմական կեցուածքին ու շարժուձեւերուն համար:
Արդարեւ, զոյգ պարախումբերը իրենց պարուսոյցներու հսկողութեան ներքոյ կրցած էին թափանցել աւանդական պարերուն եւ հայկական հարուստ մշակոյթի խորքը, ինչ որ արտացոլաց պարերու արհեստավարժ կատարման ընդմէջէն:
Պարային այս միացեալ ներկայացման մէջ առանձնակի դեր ունէին գունազարդ տարազները. իւրաքանչիւր պար ունէր իրեն համապատասխան տարազը՝ գեղեցիկ ու հմայիչ տեսքով, ներդաշնակ գոյներու համադրումով, վայելուչ եւ հրապուրող զարդերով:
Վերջապէս, «Քնար» եւ «Մուշ» պարախումբերը առիթ տուին ներկաներուն՝ ապրելու հաճելի եւ հայկական մթնոլորտի մէջ, զանոնք դուրս բերելով իրենց առօրեայէն եւ փաստելով մեր մշակոյթի, պարի, երաժշտութեան գեղեցկութիւնն ու արժէքը: