«Արեւելք» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Սերովբէ վրդ. Իսախանեան ընտրուեցաւԳերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ՝ դռնփակ ժողովին ընթացքին, արժանանալով ժողովականներուն մեծամասնութեան քուէին։
Նշենք, որ Սերովբէ վարդապետ կը վարէր թեմի առաջնորդի փոխանորդի պաշտօնը, երբ Գարեգին արք. Պէքճեան հրաժարեցաւ թեմի առաջնորդութենէն՝ Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահի պաշտօնին բերումով։ Հայր Սերովբէ երկար ժամանակէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը կատարէր Գերմանիոյ Հայոց թեմէն ներս։