Վերջին տարիներուն, Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն իբրեւ հետեւանք, սուրիահայ մեր Մայր գաղութի ընկերատնտեսական վիճակի դժուարութիւնները անմիջական զօրակոչի ենթարկեցին համայն հայութիւնը եւ յատկապէս Լոս Անճելըս ապրող մեր նուիրեալ հայորդիներն ու բարերարները, որոնց նիւթաբարոյական անյապաղ զօրակցութիւնը անցեալ տարիներուն բալասան դարձաւ՝ սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ամէնօրեայ գոյապայքարի դաժան պայմանները թեթեւցնելու համար:
ՍԱՐՖի Օժանդակութեան եւ վերականգնումի միացեալ մարմինս, հետամուտ ըլլալով քաղաքական վերջին անցուդարձերուն եւ պատերազմական տրամադրութիւններուն՝ յատկապէս Սուրիոյ դէմ ուղղուած, այսօր անգամ մը եւս կը յայտարարէ զուսպ ըլլալ՝ տուեալ պայմաններուն իբրեւ հետեւանք խուճապի չմատնելու Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն մասամբ խաղաղ առօրեան, որովհետեւ ակնյայտ է բոլորիս, թէ տարիներ առաջ թափ առած դաժան պատերազմը իր աւարտին չէ հասած տակաւին, այլ կրնայ անսպասելիօրէն անգամ մը եւս մտահոգել մեր ժողովուրդը:
Հետեւեցէ՛ք ՍԱՐՖի յայտարարութիւններուն՝ լրագիրով կամ Դիմատետրով (Facebook), տարուելիք աշխատանքներուն, ծրագիրներուն ու դրամահաւաքի արշաւներուն մասին, որպէսզի միասնաբար զօրակցինք ու ձեռք երկարենք սուրիահայ մեր համայնքի ապահով բարեկարգման:
ՍԱՐՖի Օժանդակութեան Եւ Բարեկարգման
Միացեալ Գործադիր Մարմին