ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 10 Մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանի հայկական խմբակի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Բագրատունիի: Յայտնենք, որ Բագրատունիի կողքին, հայկական պլոքի ներկայ անդամներն են Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:
Հայրապետը, ողջունելով անոնց երեսփոխան ընտրութիւնը՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական երեսփոխանական խմբակի կազմութեան, միաժամանակ ըսաւ, որ մեր համայնքային ներկայութիւնը խորհրդարանէն ներս աւելի զօրեղ պիտի դառնար, երբ Հնչակեան ու Ռամկավար կուսակցութեանց ներկայացուցիչները եւս ընտրութեան յաջողութիւն արձանագրէին: Կաթողիկոսը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական մարզէն ներս մեր երեք կուսակցութիւնները, փոխադարձ հասկացողութեան ու գործակցութեան ոգիով շարունակեն պաշտպանել Լիբանանի հայութեան իրաւունքներն ու շահերը:
Հայկական խմբակի ներկայացուցիչները, բաժնելով հայրապետին տեսակէտները՝ հաւաստիացուցին, թէ վերանորոգ նուիրումով ու գործակցական ոգիով պիտի շարունակեն պաշտպանել հայ համայնքի իրաւունքները: