ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքան բանտարկեալներ պէտք չէ ըլլան: Հայաստանի նախագահի մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին խօսեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան:
«Մեր երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պէտք չէ ըլլան: Ես ստացած եմ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններէն կարգ մը փաստաթուղթեր, որոնք մօտիկ ապագային պիտի ուղարկուին Հայաստանի կառավարութեան համապատասխան նախարարութիւններուն: Պէտք է սպասել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշումներ տայ, եթէ համաներման հետ կապուած որոշ գնահատականներ կան», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ըսաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան: