ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, Արա Վարդանեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնին վերընտրուեցաւ եւս 3 տարի ժամկէտով:
Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները իրենց ելոյթներուն մէջ դրական գնահատեցին Արա Վարդանեանի աշխատանքը: Անոնք նկատեցին, որ իրենց բարձրացուցած հարցերուն Արա Վարդանեան շատ արագ կ՛արձագանգէ եւ կարճ ժամանակի մէջ սեղմ լուծում կու տայ:
Խօսելով հիմնադրամի աշխատանքի ձեռքբերումներուն մասին՝ Արա Վարդանեան նշեց, որ իրեն համար ամենագլխաւորը երեխաներու, մարդոց ուրախութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ տարբեր ծրագիրներու ընթացքին:
«Նախորդ տարի լրացաւ հիմնադրամի 25ամեակը, եւ մենք յայտարարեցինք, որ հիմնադրամը իր ծրագիրներով ուղղակի կամ անուղղակի կերպով օգնած է 500 հազար մարդու: Այսինքն՝ այսքան մարդու կեանքին մէջ մենք կրցանք փոփոխութիւններ մտցնել: Այս տարիներուն ընթացքին ունեցած ենք 700 հազար նուիրատու: Այս թիւերը կը խօսին այն մասին, որ թէ՛ նուիրատուները կ՛աւելնան եւ թէ ծրագիրները», ըսաւ Վարդանեան:
Անդրադառնալով հիմնադրամի գործունէութեան նկատմամբ վստահութեան հարցին՝ Արա Վարդանեան նշեց, որ այդ առումով բաւական բարձր մակարդակ ունի:
«Այս ժամանակաշրջանին դժ-ուար է որեւէ բան թաքուն պահել. եթէ ըլլայ ամենաչնչին բողոքը, ընկերային ցանցերու շնորհիւ շատ արագ կը բարձրաձայնուի: Վերջին 10 տարիներուն չեմ յիշեր որեւէ դէպք, որ մեզ մեղադրեն այս կամ այն ծրագիրի սխալ իրականացման, բարձր ծախսերու կամ մրցոյթի կանոնները խախտելու մէջ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 1992ին, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրամանագիրով հիմնուեցաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը՝ որպէս եզակի կառոյց՝ կոչուած համախմբելու Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ապրող բոլոր այն հայերը ու անոնց համախոհները, որոնք պատրաստակամ են իրենց ջանքերը ուղղելու Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու կայուն զարգացման: