ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային քորէական «Ռոտոնկ Սինմուն» թերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը փափաքի Հիւսիսային Քորէա այցելել եւ հանդիպում ունենալ անոր ղեկավար Քիմ Ճոնկ Ունի հետ։
Ասատ այդ մասին յայտարարութիւն մը կատարած է Սուրիոյ մօտ Հիւսիսային Քորէայի նոր դեսպանին հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին: Ան յայտնած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան հիմերը դրուած են Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի պաշտօնավարման ժամանակ եւ վստահութիւն յայտնած է երկու Քորէաներու վերամիացման հոլովոյթի յաջողութեան նկատմամբ: