ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Յունիս 4ին, Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի իր պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Այսօրուան հանդիպումէն ետք, անընդունելի պիտի ըլլայ, որ Ամերիկան շարունակէ քիւրտ զինեալներուն աջակցիլ»:
Նշենք, որ կողմերը քննած էին հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքի հարցը եւ Անգարայի այն պնդումը, թէ քրտական ուժերը պէտք է հեռացուին այնտեղէն։ Չաւուշօղլու նաեւ նշեց, թէ քննարկած է ռուսական «Էս.400» հակահրթիռային համակարգեր եւ ամերիկեան «Էֆ.35» ռազմական օդանաւեր գնելու հարց՝ ըսելով. «Ամերիկայէն «Էֆ.35» օդանաւերու գնման յետաձգում կամ ջնջում չկա՛յ»:
Միւս կողմէ, նշեալ օդանաւերը արտադրող ամերիկեան «Լաքհիտ Մարթին» ընկերութիւնը Թուրքիոյ համապատասխան մարմիններուն պաշտօնական հրաւէր յղած է՝ ներկայ գտնուելու համար օդանաւերու յանձնումի արարողութեան:
Կ՛ակնկալուի, որ յանձնումը տեղի ունենայ 21 Յունիսին՝ Թեքսասի Ֆորթ Ուըրթ քաղաքը գտնուող նշեալ ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Ցարդ յայտնի չէ, թէ թուրք պաշտօնատարներէն ո՛վ ներկայ պիտի գտնուի այդ արարողութեան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը՝ հարցականի տակ դրած էր Ամերիկայի կողմէ «Էֆ.35»ներու մատակարարումը Թուրքիոյ: