

Իր կարգին, «Նիուզ»ը կը հաղորդէ, թէ նոյն օրը ազատ արձակուած է նաեւ «Սասնայ Ծռեր»ի անդամ Յովհաննէս Վարդանեանը: Վարդանեանի խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութիւն ներկայացուած էր նկատի ունենալով Վարդանեանի առողջական վիճակը եւ պատշաճ վարքագիծ դրսեւորելու հանգամանքը: Մեղադրող կողմը միջնորդութեան չէ առարկած։
Յիշեցնենք, որ օր մը առաջ ազատ արձակուած էր «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամ Արեգ Կիւրեղեանը: