ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան նախաձեռնած Երաժշտական երեկոներու շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 30 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ։
Երեկոն առիթ մը պիտի հանդիսանայ ծանօթանալու Պէյ Ռուի (Պարոյր Փանոսեան) երաժշտական ստեղծագործութեանց ակունքերը հանդիսացած՝ 1960ականներէն 1980ա-կաններու միջեւ արտադրուած հայկական երաժշտական շարք մը ծանօթ եւ ոչ շատ ծանօթ գործերու, որոնցմէ յատկանշական հաւաքածոյ մը ունի երաժիշտը։ Ան նաեւ պիտի պատմէ հազուագիւտ երգեր ճարելու կապակցութեամբ իր արկածախնդրութիւններուն մասին։
Հայկական երգերը արդի երաժշտութեան հետ հետաքրքրականօրէն միաձուլելով ունկնդիրին հրամցնող Պէյ Ռու 2010ին հրապարակած էր իր անդրանիկ ալպոմը՝ «Փոքրիկ Հայաստան»ը («Little Armenia»), որմէ ետք արտադրած է եւս երկու ալպոմներ, իսկ ներկայիս կ՛աշխատի չորրորդին վրայ։ Ան նաեւ հեղինակն է շարք մը շարժապատկերներու երաժշութեանց։
Մասնակցութեան սակը 15 տոլար է, զանոնք կանխաւ ապահովելու պարագային, իսկ մուտքին՝ 20 տոլար։
Տոմսերը կարելի է կանխաւ ապահովել գրատունէն կամ այցելելով՝ www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ՝ noor@abrilbooks.com հասցէին։